Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քազանի մէջ BRICS-ի գագաթաժողովի ծիրին մէջ «ոտքի վրայ» զրուցած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։
Զրոյցին վերաբերեալ մանրամասներ յայտնի չեն: Լուսանկարը տարածուած է լրատուամիջոցներուն եւ թելեկրամ-ալիքներով:
Լուքաշենքօ այս տարուայ Մայիսին այցելած էր Պաքու, այդ այցի ժամանակ յայտնի դարձաւ, որ մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը ան Ալիեւի հետ քննարկած էր ատրպէյճանական կողմին յաղթելու հնարաւորութիւնները։ Մինչ այս բացայայտումը, յայտնի էր, որ Պելառուսիան Ատրպէյճանին զէնք վաճառող երկիրներէն մէկն է։
Դժգոհելով Ատրպէյճանի մէջ Պելառուսիոյ նախագահին յայտարարութենէն՝ Հայաստանի վարչապետն ալ յայտարարեց, որ Պելառուսիա այլեւս երբեք պիտի չայցելէ, այնքան ատեն որ Պելառուսիոյ մէջ նախագահ է Լուքաշենքօոն: «Եւ ընդհանրապէս յայտարարում եմ, որ այս պահից Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մի պաշտօնական ներկայացուցիչ Պելառուսիա չի այցելի»,- ըսաւ Փաշինեան:
Անոր ելոյթէն վայրկեաններ անց ԱԳՆ-ն յայտարարեց, թէ ետ կը կանչէ Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը՝ խորհրդակցութիւնների համար։ Ժամեր անց հետեւեցաւ Մինսքի համարժէք արձագանգը՝ Պելառուսիան եւս ետ կանչեց իր դեսպանը։