Պաքու կողմնակալ կ’որակէ Եւրոխորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւը։
Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսը յայտարարած է, թէ Եւրոխորհրդարանը, մէկ կողմ դնելով բոլոր խնդիրները, «կրկին յարձակած է Ատրպէյճանի վրայ»։
Պաքու «ընտելացած է ատրպէյճանական ժողովուրդի օրինական ակնկալիքներուն նկատմամբ Եւրոխորհրդարանի արհամարհական վերաբերմունքին», յայտարարած է Պաքուի խորհրդարանը՝ նշելով, թէ հնարաւոր չեղաւ հաշտուիլ այն միտքին հետ, որ Ատրպէյճանը 44-օրեայ պատերազմին եւ «հակաահաբեկչական միջոցառումներու» բերումով ապահովեց իր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։
Ընդգծելով, որ բանաձեւը «կը պարունակէ փաստեր, անհեթեթ յայտարարութիւններ, մեղադրանքներ, սպառնալիքներ ու կեղծ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած պահանջներ»՝ Պաքու զայն համարած է փաստաթուղթ մը, ուր հաւաքուած են «Պաքուի դէմ գործող տարբեր շահագրգիռ խումբերու կողմէ կիրառուող թեմաներ եւ ճնշման գործիքներ»։
Պաքու սա իր ներքին գործերուն միջամտելու փորձ որակած է։
Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը 453 կողմ, 31 դէմ եւ 89 ձեռնպահ ձայներով նախօրէին ընդունեց Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ոտնահարման եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին բանաձեւը։
Այն կ’անդրադառնայ Ատրպէյճանի մէջ առկայ եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ այդ պետութեան կողմէ ստեղծուած բոլոր հիմնական խնդիրներուն:
Ընդգծելով աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ եւրոպացի պատգամաւորները վերահաստատած են իրենց պահանջը՝ Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։
Բանաձեւը «արցախահայերու բռնի տեղահանումը ուղղակիօրէն կը կոչէ ցեղային զտում»:
Խորհրդարանի բանաձեւերը պարտադիր ուժ չունին եւ միայն խորհրդատուական բնոյթի են։