ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ փոփոխութիւններ կատարել քաղաքացիութիւն ստանալու եւ քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու գործընթացներուն մէջ։ Մասնաւորապէս, առաջարկուող փոփոխութիւններուն համաձայն՝ ծառայութիւնները պիտի թուայնացուին, իսկ գիները պիտի վերանայուին։ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ՀՀ Ներքին Գործերու նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեան նշեց, որ այսպիսով էականօրէն պիտի բարելաւուի քաղաքացիութեան շնորհման եւ դադրեցման գործընթացներուն արդիւնաւէտութիւնը:
«Քաղաքացիութեան գործընթացի ծանրաբեռնուածութիւնն ընդգծելու համար ներկայացնեմ մի քանի վիճակագրական տուեալներ։ 2000-ականներին քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները 3-4 հազարի շրջանակում են եղել, 2010 թուականից տարեկան 5-6 հազարի, 2018 թուականից սկսած կտրուկ աճել է քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումների թիւը։ Իր գագաթնակէտին այդ ցուցանիշը հասել է 2022 թուականին՝ անցնելով 25 հազարը։ 2023 թուականին կշռոյթը մի փոքր նուազել է՝ կազմելով 19 հազար։ 2024 թուականի առաջին 9 ամիսներին արդէն ունենք 16 հազար 60 դիմում։ Եւ սա միայն քաղաքացիութիւն ստանալու ցուցանիշն է, դրան էլ գումարւում են քաղաքացիութիւնը դադարեցնելու տուեալները, միջինը՝ 3 հազար։ Դա նշանակում է, որ մեր ծառայութիւնը տարեկան քննում է մինչեւ 30 հազար գործ՝ կապուած քաղաքացիութեան հետ»-ըսաւ Արմէն Ղազարեան՝ ընդգծելով, որ սա ահռելի ծանրաբեռնուածութիւն է եւ առկայ թերի գործիքակազմը թոյլ չի տար այդ գործերը քննել արդիւնաւէտ։