կանոնակարգը վաւերացնելու մասին» օրէնքը:
Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական դատարանի Սեպտեմբեր 26-ի որոշմամբ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Սահմանադրութեան:
Կանոնակարգի օրէնքին նախագիծը կառավարութիւնը հաստատած էր Սեպտեմբեր 5-ին:
Կանոնակարգը ստորագրուած էր Օգոստոս 30-ին:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս հրամանագիր ստորագրած է, որով հաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութեան կանոնակարգը:
Հրամանագրով կը հաստատուի 2024 թուականի Օգոստոս 30-ին ստորագրուած պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին փաստաթուղթը: