Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ուղեկցութեամբ գերատեսչութեան մէջ հաւատարմագրուած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները Հոկտեմբեր 24-ին այցելած են սահմանագօտի՝ ծանօթանալու սահմանային ու թիկունքային պահպանութեան տեղամասերուն մէջ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին։
ՀՀ ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, այնուհետեւ պատասխանած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հետաքրքրող հարցումներուն։