Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան Ի Վիճակի Է Ապահովելու Իր Տարածքով Բեռներու Եւ Մարդոց Անցման Անվտանգութիւնը». ՀՀ Վարչապետը՝ Երրորդ Երկրի Մասնակցութեան Մասին

«Հայաստան Ի Վիճակի Է Ապահովելու Իր Տարածքով Բեռներու Եւ Մարդոց Անցման Անվտանգութիւնը». ՀՀ Վարչապետը՝ Երրորդ Երկրի Մասնակցութեան Մասին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանին առաջարկած է Նախիջեւանի հետ ճանապարհային հաղորդակցութեան պարզեցուած կարգ։ Այս մասին ան յայտնած է Քազանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի XVI գագաթաժողովի լիագումար նիստին:

Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած «խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը լիովին կը տեղաւորուի գագաթաժողովի թեմային մէջ՝ «ՊՐԻՔՍ եւ ընդհանուր հարաւ՝ աւելի լաւ աշխարհի համատեղ կառուցում»։

«Այս ուղղութիւնը կարող է օգտագործուել նաեւ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութեան համար: Հաշուի առնելով դա՝ մենք Ատրպէյճանին առաջարկել ենք սահմանային եւ մաքսային վերահսկողութեան պարզեցուած ընթացակարգերի մեխանիզմներ, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան լրացուցիչ միջոցների ապահովում՝ հաշուի առնելով իրաւասութիւնը եւ երկու երկրների ինքնիշխանութեան լիակատար յարգանքը»,- ըսած է Փաշինեան։

Փաշինեան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստան ի վիճակի է ապահովելու իր տարածքով բեռներու, միջոցներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ մարդոց անցման անվտանգութիւնը եւ հերքած է լուրերը, թէ հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ երրորդ կողմը. «բոլոր յայտարարութիւնները, թէ իբր Հայաստանը համաձայնել է իր ինքնիշխան տարածքում  հաղորդակցութիւնների անվտանգութեան ապահովման գործում երրորդ երկրի  մասնակցութեանը, կամ որ դա նախատեսուած է որեւէ փաստաթղթով, իրականութեանը չեն  համապատասխանում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment