2018-ի համաժողովրդական յեղափոխութենէն անցած է մօտ վեց տարի ու տակաւին նոր-նոր դատարան կը հասնին այն գործերը, որոնք կ’առնջուին ապօրինի հարստացման ու պետական միջոցներու իւրացման հետ: Այս օրերուն կը հրապարակուին ցուցակները այն հսկայական գումարներուն, անշարժ գոյքերուն« բաժնետոմսերուն ու պարտատոմսերուն, որ կարողացած են կուտակել անձիք, որոնք անցեալին գտնուած են բարձ պաշտօններու վրայ եւ կամ ազգականական կապեր ունեցած են այդ անձերուն հետ: Այս վերջին խումբին կը պատկանին տասը տարի նախագահի պաշտօնը վարած Ռոպերթ Քոչարեանը ու անոր ընտանիքի անդամները:
Վերջերս, ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը պահանջեց Ռոպերթ Քոչարեանի որդի` Սեդրակ Քոչարեանէն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող անշարժ գոյքեր եւ ֆինանսական միջոցներ: Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի ցանկին վրայ կը գտնուին 14 անշարժ գոյք, այսինքն շէնք-շինութիւններ Երեւան քաղաքին մէջ, միլիոնաւոր տոլարներու պարտատոմսեր, ապօրինի միջոցներով ձեռք ձգուած կանխիկ գումարներ« Յունաստանի Միքոնոս կղզիին վրայ առանձնատուն: Շարքը տակաւին շատ երկար է այս սիւնակին մէջ ընգրկելու համար բոլորը:
Կրտսեր Քոչարեանը այս հարստութեան տիրացած է առանց կեանքին մէջ օր մը աշխատելու: Ընդհակառակը, 19 տարեկանէն սկսեալ ան զբաղած է առեւտուրով եւ շատ չանցած դարձած է տոլարային միլոնատէր: Ան ընտանիքի միակ մեծահարուստը չէ: Քոչարեանի ամբողջ գերդաստանի հարստութիւնը ներկայիս ստուգման տակ է դատախազութեան կողմէ:
Նոյն է պարագան Սերժ Սարգսեանի փեսայ` Միքայէլ Մինասեանի« Եղբօր` Ալեքսանտր Սարգսեանի, նախկին գլխաւոր դատախազ` Աղուան Յովսէփեանի, ու շատ-շատերու, որոնք կը պատկանին նոյն դասակարգին եւ այժմ պետութիւնը կը փորձէ վերադարձնել անոնց թալանածը:
Զարմանալիօրէն, խումբ մը Փաստաբաններ դիմում ներկայացուցած են Սահմանադրական Դատարան` առարկելով որ բռնագանձման գործընթացը հակաօրինական է եւ պէտք է դադրի: Այսինքն, Հայաստանի ժողովուրդէն գողցուածը պէտք է դառնայ անձեռնմխելի:
Նախկին ռեժիմի առանձնաշնորհեալ դասակարգը, որ ատեն-ատեն փողոց դուրս կու գայ Արցախի անունը շահարկելով, մեծագոյն պատասխանատուն է Արցախի կորուստին: Փոխանակ բանակը հզօրացնելու ու արդիական զէնքերով օժտելու զայն, անոնք զբաղած էին պետութիւնը թալանելով: Յառաջիկայ տարուայ պիւտճէով Հայաստանի զինուած ուժերուն եւ երկրի պաշտպանութեան համար նախատեսուած է յատկացնել 1.7 միլիառ տոլար: Այս գումարը 5 անգամ աւելի է քան Քոչարեանի եւ Սարգսեանի պաշտօնավարման 20 տարիներու ընթացքին բանակին վրայ ծախսուած ընդհանուր գումարէն:
Ապօրինի հարստացման գործերով որոշ գումարներ սկսած են մուտք գործել պետութեան գանձարան: Սակայն, տակաւին կան հարիւրապատիկը աւելի մեծ գումարներ, որոնք պէտք է վերադարձուին ժողովուրդին` օգտագործուելու համար Հայաստանի զարգացման, բարգաւաճումին ու բանակի հզօրացումին: Այս գործընթացի դադարեցումը պիտի դառնայ մեծագոյն անարդարութիւնը Հայոց պետականութեան հանդէպ ու խարանը անոր ճակատին:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»