Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Քամալա Հարրիսի Թեկնածութեան` Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Քամալա Հարրիսի Թեկնածութեան` Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին

by MassisPost

Միլիոնաւոր Ամերիկացիներ արդէն իսկ սկսած են քուէարկել փոստով եւ անձնապէս ներկայանալով կանուխ քուէարկութեան կեդրոններ: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը հպարտութեամբ կը յայտարարէ իր աջակցութիւնը փոխնախագահ Քամալա Հարրիսին` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին:

Այս վճռորոշ ժամանակահատուածին Քամալա Հարրիս  լաւագոյն թեկնածուն է առաջնորդելու Միացեալ Նահանգները:  Ան եղած է  արդարադատութեան  նուիրուած եւ բոլոր համայնքներու իրաւունքները հաւասարապկէս պաշտպանող անձնաւորութիւն մը ու այդ ուղղութեամբ իր ներկայացուցած ծրագիրները համահունչ են մեր դաւանած արժէքներուն եւ երկրի աւելի պայծառ ապագայի ձգտումներուն:

Քամալա Հարրիս մշտապէս ցոյց տուած է իր աջակցութիւնը Ամերիկահայ համայնքին: Որպէս  Քալիֆորնիան ներկայացնող ԱՄՆ Ծերակոյտի անդամ ան ծանօթ է Հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւններուն: Որպէս նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի անդամ« Քամալա Հարրիս լաւատեղեակ է եւ կողմնակից Ամերիկայի վարած  արտաքին քաղաքականութեան` հանդէպ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի հարցերուն: Թէեւ մենք աւելին կ’ակնկալենք Միացեալ Նահանգներէն, սակայն կը գիտակցինք, որ նախորդ վարչակազմի մեկուսացումի քաղաքականութիւնը նպաստեցին 44-օրեայ պատերազմին ու ապա Արցախի Հայաթափման: Հարրիս նաեւ  կարեւոր կը նկատէ Արցախահայերու ապահով վերադարձը իրենց տուները  եւ արժանապատիւ ու խաղաղ ապրելու իրաւունքը տարածաշրջանէն ներս:

Քամալա Հարրիս կը խոստանայ շարունակել զօրակցիլ ժողովրդավարութեան ու տարածաշրջանային խաղաղութեան համար Հայաստանի մղած ջանքերուն: Այս ճգնաժամային պահուն, երբ վտանգուած է Հայաստանի անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը, Ամերիկայի կողմէ մեկուսացումի որեւէ քաղաքականութիւն վնասակար պիտի ըլլայ Հայ ժողովուրդին համար:

Քամալա Հարրիսի կողմէ փոփնախագահի պաշտօնին Թիմ Ուալզի առաջադրումը, խոստմնալից է Ամերիկահայութեան համար: Նահանգապետ Ուալզ անցեալի կեցուածքը մեր համայնքը յուզող հարցերուն նկատմամբ  կը համընկնի մեր սկզբունքներուն հետ եւ կ’արտցոլացնեն մեր դաւանանքները:

Ներքին քաղաքականութեան մէջ  Քամալա Հարրիս յանձնառու է  ընկերային արդարութեան, միջին ու աղքատ դասակարգերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային ապահովութեան ծրագիրներու ընդլայնման, տարեցներու եւ առողջապահութեան  նպաստներու պաշտպանութեան, նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացման, բժշկական խնամքը բոլոր քաղաքացիներուն համար մատչելի դառնալուն:  Այս ծրագիրները  պիտի  նպաստեն ոչ միայն տնտեսութեան զարգացման, այլ եւ օգտակար պիտի դառնան  բոլոր Ամերիկացիներուն` ներառեալ Հայերուն:

Այս եւ բազմաթիւ այլ պատճառներով մենք հպարտ ենք աջակցելու Քամալա Հարրիսին, որպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու եւ կը յորդորենք մեր ազգակիցներուն եւ բոլոր քաղաքացիներուն միանալու մեզի եւ աջակցելու Քամալա Հարրիսի թեկնածութեան` որպէս Ամերիկայի յաջորդ նախագահ:

Հարակից Նյութեր

1 comment

Պետրոս Մանուկեան 10/31/2024 - 12:46 AM

Ողջունելի քայլ – Ամերիկայի Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ
“ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Քամալա Հառիսի Թեկնածութեան` Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին”
Սա ողջունելի եւ ճիշտ որոշում կը նկատեմ Ամերիկայի Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ
Տոնալդ Թրամբ̕ին հաղթանակը շատ վտանգավոր է թէ Հայաստանի եւ թէ Լիբանանի համար
Նախագահ Պայտընի օրոք Ամերիկեան միացեալ նահանգները ամեն տեսակ ջանք կը գործեն զսպելու թէ Նաթանյահուն եւ թէ Ալեիվը
Եթէ Թրամփը Հաղթէ Նաթանյահուին ամեն գնով շփացնողն է- այնպես որ ավելի սանձարցակ պիտի քանդդե Լիբանանը
Թռամփը Նաեւ Հայաստանին պիտի թողէ Փութինի եւ Երտողանների սակարկութեան հովանիին տակ – մինչ Պայտընի օրոք ԱՄՆի փորձած է հակակշռել
Թրամպին կողքին էւ 2017ին – որովհետեւ Հիլլարի Քլինթենը Ռազմատենց է – Սակայն Թրամփի օրոք Ռազմատենցերը պիտի շփանան – իսկ ինքը “Ինտրվենշնիստ” չէ -չուզեր միխամտել եւ Ասխարհի մեջի բռնակալներուն երազն է
Նկահապես ըսեմ – ապիւշ դավատրական տեսութիւններու չեմ հավատար – որ կաարջառկեն որ Թրամփը Փուտ;ինին գործակալ է – նման հիմար ապուշ խոսքերուն չեմ հավատար
https://massispost.com/am/2024/10/16/սդհկ-հայ-ամերիկեան-խորհուրդը-կը-զօրակ-2/

Reply

Leave a Reply to Պետրոս Մանուկեան Cancel Reply