ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան եւ ծանօթացած է այնտեղ Սահմանապահ ծառայութեան կողմէ իրականացուող գործունէութեան:
Վարչապետին ուղեկցած են ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեանը եւ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էտկար Յունանեանը: Շրջայցին ներկայ եղած են նաեւ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ղեկավարները:
Վարչապետը եղած է մեկնման եւ ժամանման սրահներուն մէջ, ուր սահմանապահ զօրքերու ծառայողները կ’իրականացնեն իրենց գործառոյթները:
Պատասխանատուները զեկուցած են, որ սահմանապահ ծառայութիւնը կ’իրականացուի առանց խնդիրներու եւ լուրջ միջադէպերու:
Վարչապետը սահմանապահ ծառայողներուն մաղթած է յաջողութիւններ գործունէութեան մէջ եւ անվտանգ ծառայութիւն: