Հայաստանի նախագահին կարծիքով՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու վերադարձի հնարաւորութիւններուն առումով անհրաժեշտ է իրատես ըլլալ եւ հարցի լուծման անդրադառնալ այն ժամանակ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղ պայմաններ հաստատուին:
ՀՀ նախագահը այս մասին ըսած է «Արմէնփրես»-ին տուած հարցազրոյցին:
Նախագահին կարծիքով՝ արցախահայերու վերադարձին հնարաւորութիւնը աւելի երկարաժամկէտ խնդիր է:
«Կարծում եմ՝ պէտք է այդ հարցի լուծմանն անդրադառնալ այն ժամանակ, երբ մենք Ատրպէյճանի հետ իսկապէս խաղաղ պայմաններում յարաբերութիւններ հաստատենք: Պէտք է իրատես լինենք, եւ դա նշանակում է, որ իսկապէս գնահատենք այն իրավիճակը, որում հիմա մենք կանք: Այսինքն՝ իրատեսակա՞ն է արդեօք այդ վերադարձն այսօր, թ՞է ոչ: Ի վերջոյ, այնտեղ նաեւ շատ տարբեր գործօններ կան. անվտանգութիւն, որոշակի պայմաններ, որոնք կը դրուեն արցախահայերի առջեւ»,- նշած է ՀՀ նախագահը:
Նախագահին խօսքով՝ այդ է խնդիրը, որ կը խանգարէ այս պահին որեւէ հարց լուծել: Նախագահին դիտարկմամբ՝ թէկուզ նոյնինքն խաղաղութեան պայմանագրի կամ խաղաղութեան հաստատման մասին խօսելով եւս պէտք է հասկնալ, որ կողմերու յայտարարութիւններուն կամ արձագանգներուն առումով կրնան ըլլալ տարբեր իրավիճակներ, սակայն այդ չի նշանակեր, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները պէտք է դադրեցնել:
«Ընդհակառակը, պէտք է աշխատել, պատրաստ լինել, որ հակառակ կողմը կարող է համաձայն չլինել մեր յայտնած տեսակէտների հետ: Բանակցութիւնները նրա համար են, որ տարակարծութիւնները հնարաւորինս վերացուեն եւ նուազացուեն, եւ ի վերջոյ սեղանին դրուի այնպիսի մի փաստաթուղթ, որ երկկողմանի կամ բազմակողմանի համաձայնութիւն կ’ունենայ»,- շեշտած է ՀՀ նախագահը՝ յաւելելով, որ հիմա Հայաստանը այդպիսի բանակցութիւններու մէջ կը գտնուի: