Գիտնականներ Տարօն Աճեմօղլուն, Սայմին Ճոնսընը եւ Ճէյմս Ռոպինսընը արժանացած են 2024 թուականի տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին։
Մրցանակը գիտնականներուն շնորհուած է անոնց հետազօտութեան համար, թէ ինչպէս կը ձեւաւորուին հաստատութիւնները, եւ ինչպէս անոնք կ’ազդեն բարեկեցութեան վրայ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Bloomberg-ը, երեք տնտեսագէտները միասին պիտի կիսեն 11 միլիոն կրոն (1,1 միլիոն տոլար) մրցանակը, կ’ըսուի Սթոքհոլմի Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիայի յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիա ծնած հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն կը համարուի աշխարհի լաւագոյն տնտեսագէտներէն մէկը, ան Մասաչուսէցի արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) փրոֆեսոր է։
Foreign Policy հանդէսը զայն դասած է աշխարհի ամենաազդեցիկ մտածողներու շարքին։