Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Գերմանիան Համաձայնեցուցած Են Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան 2025 Թուականի Ծրագիրը

Հայաստանն Ու Գերմանիան Համաձայնեցուցած Են Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան 2025 Թուականի Ծրագիրը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 9-10-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստան-Գերմանիա երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները, որոնց մասնակցած է ՀՀ ՊՆ Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Գերմանիոյ դաշնային պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութիւններուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Լեւոն Այվազեանը ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակն ու անոր զարգացման միտումները եւ այդ ծիրին մէջ կարեւորած են «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԶՈՒ կերպափոխման ընթացքը։

Կողմերը քննարկած եւ երկուստէք գոհունակութիւն յայտնած են 2024 թուականի երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեան ընթացքին վերաբերեալ, ընդգծած են զայն զարգացնելու զգալի ներուժը։ Քննարկումներու բերումով համաձայնեցուած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան 2025 թուականի ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ տասնեակ միջոցառումներ՝ փորձի փոխանակման, կրթութեան եւ վարժանքի, ինչպէս նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ուղղութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment