Ռուսաստանը չի խառնուիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գործերուն, Հոկտեմբեր 8-ին, «Իզվեսթիա»-ի հարցումին ի պատասխան, յայտնած է Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով։
Յիշեցնելով, որ ԱՊՀ ձեւաչափին համաձայն երկիրներու ղեկավարները միշտ կը նստին մէկ սեղանի շուրջ՝ Փեսքով միեւնոյն ժամանակ շեշտած է՝ այդ չի վկայեր Պաքուի եւ Երեւանի գործերուն Մոսկուայի մասնակցութեան մասին։
«Անոնք այսպէս թէ այնպէս ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ կը շարունակեն իրենց երկխօսութիւնը։ Բայց մնացածը՝ երկկողմ յարաբերութիւնները, այլեւս մերը չեն, ատիկա անոնց ինքնիշխան իրաւասութիւնն է»,- պարզաբանած է Փեսքով։
Միեւնոյն ժամանակ Քրեմլինի ներկայացուցիչը յաւելած է, որ ռուսական կողմը երկխօսութեան մէջ է երկու երկիրներուն հետ։
«Մենք քննարկած ենք ռուս-հայկական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները՝ Ատրպէյճանի հետ»,- յաւելած է Փեսքով։