Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խաղաղութեան համաձայնագրի դրոյթները կը ստորագրեն մօտակայ չորս շաբաթներու ընթացքին։
ՀՀ նախագահը այս մասին յայտարարած է «Reuters» գործակալութեան հետ զրոյցին։
Վահագն Խաչատուրեանը յայտնած է, որ Երեւանը յոյս ունի, որ Պաքուն կը ստորագրէ համաձայնեցուած յօդուածները մինչեւ Նոյեմբեր 11-22, Պաքուի մէջ կայանալիք կլիմայի փոփոխութեան COP29 համաժողովը:
ՀՀ նախագահը Համպուրկի կայունութեան համաժողովի շրջանակներուն մէջ «Reuters»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, որ Հայաստան հիմա կը ստորագրէր խաղաղութեան պայմանագիրը, եթէ ատիկա կախուած ըլլար միայն հայկական կողմէն։ «Յուսով ենք, որ վաղ թէ ուշ մենք կը հասնենք այդ կէտին»,- ըսած է Խաչատուրեան։
ՀՀ նախագահը յաւելած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի որոշ յօդուածներուն շուրջ դեռեւս բանակցութիւններ կ’ընթանան։
ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, անդրադառնալով նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, նշած է, որ անոնք լաւ կ’ընթանան, եւ կը քննարկուի երրորդ երկիրներու եւ դիւանագիտական անցագրեր ունեցողներու համար երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը բանալու հարցը։
«Սա ազդանշան կը լինի, որ իրական դիւանագիտական յարաբերություններն իրականութիւն են դարձել», – իր խօսքում նշած է ՀՀ նախագահը։