Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Յանձնառու Է Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Արժանապատիւ Եւ Կայուն Խաղաղութեան Հասնելու Ջանքերուն. Պետական Քարտուղարութիւն

ԱՄՆ Յանձնառու Է Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Արժանապատիւ Եւ Կայուն Խաղաղութեան Հասնելու Ջանքերուն. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն՝ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի իրագործման նպատակով»,- TURAN-ի Ուաշինկթընի թղթակիցին ըսած է Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:

Ան մեկնաբանած է նաեւ պաշտօնական Պաքուի վերջին մեղադրանքները Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի հասցէին եւ նշած. «Միացեալ Նահանգները կը գնահատէ Ատրպէյճանի հետ իր երկկողմ յարաբերութիւնները»։

«Մեր համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ ուղղուած է COP29-ի բարեյաջող կայացման  եւ  կլիմայի ու ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ  ընդհանուր  նպատակներուն  հասնելուն,  եւ  օրինակ  է այն բանին, թէ ինչի կրնանք հասնիլ միասին աշխատելու պարագային»,- ըսած  է  Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment