Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յայտնի Է, Թէ Որքան Մարդ Մասնակցած Է Բագրատ Գալստանեանի Հանրահաւաքին

Յայտնի Է, Թէ Որքան Մարդ Մասնակցած Է Բագրատ Գալստանեանի Հանրահաւաքին

by MassisPost

Կիրակի երեկոյեան, ժամը 18։00-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մեկնարկեց Բագրատ  Գալստանեանի հանրահաւաքը, որուն մասին վերջինս յայտարարեց նոյնիսկ Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով։

Իրաւապահ մարմիններուն մօտ կանգնած մեր աղբիւրներէն MediaNews-ին յայտնի դարձաւ, որ ժամը 19։30-ի դրութեամբ հանրահաւաքին կը մասնակցէր ընդամէնը 1260 մարդ։

Միւս կողմէ, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման նախաձեռնող խումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքներուն մասնակցութիւն ապահովելու նպատակով քաղաքացիներուն գումար բաժանելու դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական գործերով մեղադրական եզրակացութիւնները Լոռիի մարզի դատախազութիւնը  ուղարկած է դատարան։ Խօսքը մասնաւորապէս երկու անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեան մասին է, որոնք ուղարկուած են Լոռիի մարզի քրէական դատարան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment