Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կը Յաւակնի Դառնալ Տարածաշրջանային Արհեստագիտական Կարեւորագոյն Կեդրոն. Մխիթար Հայրապետեան

Հայաստան Կը Յաւակնի Դառնալ Տարածաշրջանային Արհեստագիտական Կարեւորագոյն Կեդրոն. Մխիթար Հայրապետեան

by MassisPost

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան մասնակցած է «Մտքի ուժը. արհեստական բանականութիւնը սահմաններէն այն կողմ՝ բարոյագիտութեան շրջանակներուն մէջ» խորագրով WCIT2024/DigiTec համաշխարհային համագումարի մամուլի ասուլիսին:

Նախարարը նշած է, որ վերջին հինգ տարուայ ընթացքին Հայաստանը երկրորդ անգամ կը հիւրընկալէ նորարարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համագումարը, ինչ որ կու գայ եւս մէկ անգամ ընդգծելու ՀՀ-ի յաւակնութիւնները՝ դառնալու տարածաշրջանային արհեստագիտական կարեւորագոյն կեդրոն: Նախարարը շեշտած է, որ միահամուռ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանը դարձած է կարեւորագոյն կիզակէտ արհեստագիտական քարտէզի վրայ եւ համոզմունք յայտնած, որ այս 3 օրերու ընթացքին հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի բացայայտելու արհեստական բանականութեան կողմէ մարդկութեան եւ առհասարակ արհեստագիտական աշխարհին առաջարկուող նոր հնարաւորութիւններն ու գործիքակազմերը, որոնք կու գան փոխելու առհասարակ բոլորս, մեր կեանքն ու մոլորակը:

Հայրապետեան ընդգծած է, որ WCIT-ն չափազանց կարեւոր միջազգային հարթակ պիտի ըլլայ նորանոր բացայայտումներու համար եւ բարի երթ մաղթած է համագումարի աշխատանքներուն:

Նորարարութիւններու, արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (WITSA) ղեկավար Շան Սիան իր հերթին նշած է, որ 2019 թուականի համագումարի օրերուն կրկին հաւաքուած էին Երեւանի մէջ, հետեւաբար ունին բազմաթիւ հաճելի յիշողութիւններ: Ան տեղեկացուցած է, որ WITSA-ը 28-րդ անգամ կը կազմակերպէ այս համագումարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment