Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը տեղեկացնոէ, որ 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին հարկային մարմինին կողմէ հաւաքագրուած են շուրջ 1 թրիլիոն 698,6 միլիառ դրամ եկամուտներ, ինչ որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է շուրջ 189,1 միլիառ դրամով կամ 12,5%-ով: Մաքսային մարմինին կողմէ հաւաքագրուած է շուրջ 312 միլիառ դրամ եկամուտ, ինչ որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն պակաս է շուրջ 60,8 միլիառ դրամով կամ 16,3%-ով:
Կոմիտէն կը յայտնէ, որ 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին հարկային եւ մաքսային մարմիններուն կողմէ ընդհանուր հաւաքագրուած է 2 թրիլիոն 10,6 միլիառ դրամ, որմէ հարկ վճարողներուն եւ ֆիզիքական անձերուն վերադարձուած է 243,4 միլիառ դրամ։ Այսպիսով, հարկային եկամուտներու եւ պետական տուրքերու փաստացի կատարողականը կազմած է 1 թրիլիոն 767,2 միլիառ դրամ, ինչ որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 150,2 միլիառ դրամով կամ 9,3%-ով: