Աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած ՆԱԹՕ-ի միջազգային ռազմական շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Եանուշ Ատամչաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 3-ին ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանի ու ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած է հարցերու լայն շրջանակ, մասնաւորապէս՝ անդրադարձ կատարուած է ՀՀ-ՆԱՏՕ համագործակցութեան ներկայիս ընթացքին, զարգացման հնարաւորութիւններուն։ Մատնանշուած են համագործակցութեան առաւել նպատակայարմար ուղղութիւնները:
Հայկական կողմը ներկայացուած է ՀՀ զինուած ուժերու բարեփոխումներու ընթացքը: Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, եւ կարծիքներ փոխանակուած են միջազգային ռազմաքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ: