Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտօնեալ Սպառազինութիւններու Մատակարարումներու Դիմաց Արեւմուտքը Հայաստանէն Կը Պահանջէ Դուրս Գալ ՀԱՊԿ-էն. Պորթնիքով

Արտօնեալ Սպառազինութիւններու Մատակարարումներու Դիմաց Արեւմուտքը Հայաստանէն Կը Պահանջէ Դուրս Գալ ՀԱՊԿ-էն. Պորթնիքով

by MassisPost

Արեւմուտքը կը ձգտի Հայաստանը դուրս հանել ՀԱՊԿ-էն, ինչ որ Երեւանին աւելի մեծ կախուածութեան մէջ պիտի դնէ ՆԱԹՕ-էն Պաքուի հետ հետագայ յարաբերութիւններու հարցով:

Ասթանայի մէջ այս մասին ըսած է ՌԴ ԱԴԾ տնօրէն, ԱՊՀ անդամ պետութիւններու Անվտանգութեան գործակալութիւններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պորթնիկքովը։

«Երեւանին համոզելով յետաձգել Պաքուի հետ բանակցութիւնները՝ Արեւմուտքը կը փորձէ ղեկավարել ատրպէյճանա-հայկական կարգաւորման գործընթացը եւ հասնիլ տարածաշրջանին մէջ իր «խաղաղապահ» զօրախումբի տեղակայման՝ տէ իւրէ ՄԱԿ-ի եւ տէ ֆաքթօ ՆԱԹՕ-ի հովանիին ներքոյ:

Միեւնոյն ժամանակ, արտօնեալ սպառազինութիւններու մատակարարումներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու դիմաց Արեւմուտքը Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէ դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, ինչ որ Երեւանին աւելի մեծ կախուածութեան պիտի դարձնէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքէն Պաքուի հետ հետագայ յարաբերութիւններու հարցով։ Եւ հաշուի առնելով աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ ՆԱԹՕ-ի միջնորդութեան ամբողջ նախկին փորձը՝ Անդրկովկասի մէջ դաշինքի համախմբումը ակնյայտօրէն պիտի չնպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան»,- յայտնած է  Պորթնիքովը։

Համագործակցութեան պետութիւններու Անվտանգութեան գործակալութիւններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդը ստեղծուած է ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 1997 թուականի Մարտ 28-ի որոշմամբ՝ համագործակցելու եւ համակարգելու անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու գործողութիւնները:

Խորհուրդին նախագահութիւնը անոր անդամներուն համաձայնութեամբ կ’իրականացնէ Ռուսաստանի ԱԴԾ տնօրէնը:

Նախորդ նիստը տեղի ունեցած է 2024 թուականի Մայիս 24-ին Պիշքեքի մէջ, այս մէկը Ասթանայի մէջ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment