Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կ’ակնկալէ Ընդլայնել Եւ Ամրապնդել Հայաստանի Հետ Գործընկերային Կապերը Արհեստագիտութիւններու Ոլորտին Մէջ. Քրիսթինա Քվին

ԱՄՆ Կ’ակնկալէ Ընդլայնել Եւ Ամրապնդել Հայաստանի Հետ Գործընկերային Կապերը Արհեստագիտութիւններու Ոլորտին Մէջ. Քրիսթինա Քվին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը աշխուժօրէն աջակցած է Հայաստանի ջանքերուն՝ զարգացնելու երկրին արհեստագիտական ոլորտը զանազան նախաձեռնութիւններու եւ գործընկերութեան միջոցով եւ կ’ակնկալէ ամրացնել այդ գործընկերութիւնը ու նոր ուղիներ գտնել հետագայ համատեղ աշխատանքի համար։

Տիճիթէք 2024-ի բացման արարողութեան ժամանակ այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը։

Դեսպանը ուրախութեամբ արձանագրեց Տիճիթեք-ի վերադարձը՝ յիշեցնելով, որ նախորդ Տիճիթեք-ը իրեն համար եղած է առաջին ամենամեծ միջոցառումներէն մէկը, որուն մասնակցած է Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակուելէ յետոյ։

«Հիանալի է տեսնել, թէ որքան աճ արձանագրած է Տիճիթեք-ը այս ընթացքին։ Բացի անկէ, ուրախ եմ նաեւ նշելու Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ կապերու խորացումը, քանի որ կը գնահատենք, որ արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու կարեւորութիւնը երկու երկիրներուն մէջ ալ նշանակալի շարժիչ ուժ է տնտեսական զարգացման եւ աճի համար։ Մենք նաեւ կը գիտակցինք կառավարման, հասարակական ծառայութիւններու, անվտանգութեան եւ կեանքի այլ շատ ու շատ ոլորտներու մէջ արհեստագիտութիւններու ընդլայնող եւ աճող դերը»,- ըսա դեսպանը Քվինը՝ յաւելելով, որ նոր արհեստագիտութիւնները իրենց աննախադէպ ուժով կրնան ոգեւորել մարդիկը՝ միաժամանակ ընդգծելով այնպիսի նորարարական լուծումներու յառաջխաղացման կարեւորութիւնը, որ կը պաշտպանէ ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը։

Դեսպանը նաեւ նշեց, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը գիտակցի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան մէջ արհեստագիտութիւններու աճող դերակատարումը՝ Պետական Քարտուղարութեան մէջ ստեղծելով ամբողջութեամբ մէկ այլ բաժին՝ «կիպեռտարածութեան եւ թուային քաղաքականութեան բիւրօ», որ կեդրոնացած է միջազգային արհեստագիտական գործընկերութիւններու համընդհանուր արժէքներու զարգացման հիման վրայ։

«ԱՄՆ կառավարութիւնը աշխուժօրէն աջակցած է Հայաստանի ջանքերուն՝ զարգացնելու երկրին արհեստագիտական ոլորտը՝ զանազան նախաձեռնութիւններու եւ գործընկերութեան միջոցով, այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են կիպեռանվտանգութիւնը, հեռուստահաղորդակցութիւնը, ամպային հաշուողական ծառայութիւններու եւ այլ ոլորտները։ Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հատուածը եւս նշանակալի դեր խաղցած է Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտին մէջ՝ բերելով ներդրումներ, արտահանումներ եւ նորարարութիւններ»,- ընդգծեց դեսպանը։

Ան նշեց, որ բազմաթիւ մասնաւոր ընկերութիւններ նախընտրած են Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալել, քանի որ երկրին մէջ առկայ է աշխոյժ բնապահպանական համակարգ եւ շատ տաղանդաւոր աշխատուժ։ Անոր խօսքով՝ այդ ընկերութիւնները ոչ միայն բարձրորակ աշխատանք կը տրամադրեն, այլեւ հայ արհեստաավարժերուն կ’առաջարկեն վերապատրաստման հնարաւորութիւններ։

«Մենք կ’ակնկալենք ամրացնել այս գործընկերութիւնը եւ նոր ուղիներ գտնել՝ միասին աշխատելու գալիք տարիներու ընթացքին»,- նշեց դեսպան Քվինը՝ յաջողութիւն մաղթելով միջոցառման մասնակիցներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment