Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Այնքան Ալ Հակուած Չէ Ստորագրելու Խաղաղութեան Պայմանագիրը. Փաշինեան

Ատրպէյճան Այնքան Ալ Հակուած Չէ Ստորագրելու Խաղաղութեան Պայմանագիրը. Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը այնքան ալ հակուած չէ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը. Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Այն, որ Ատրպէյճանը նոր թեմաներ է բերում դաշտ, նշանակում է, որ այնքան էլ հակուած չէ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել։ Եւ մեր քաղաքական խնդիրն է փոխել ընդհանուր միջավայրը եւ մթնոլորտը, որպէսզի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը դառնայ իրատեսական»,- խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց ան։

Վարչապետը շեշտեց՝ անկախ անկէ, թէ ինչ կ’ըսէ կամ չ’ըսեր Ատրպէյճանը, Հայաստանը իր ռազմավարութիւնը պէտք չէ փոխէ, այլ՝ պէտք է հեռեւողականօրէն աշխատին խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment