Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԼՂ Հարցը Օգտագործուած Է, Ընդ Որում՝ Նաեւ ՀՀ-ի Ներսը, Ամէն Ինչ Կը Բացատրուէր՝ Բանակ Ու Ղարաբաղ Կը Պահենք. Նիկոլ Փաշինեան

ԼՂ Հարցը Օգտագործուած Է, Ընդ Որում՝ Նաեւ ՀՀ-ի Ներսը, Ամէն Ինչ Կը Բացատրուէր՝ Բանակ Ու Ղարաբաղ Կը Պահենք. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանը, Ազգային Ժողովին մէջ, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, յայտնեց, թէ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր եւս յայտնած է, որ «Արցախը մեր վիզին կապուած թոկ էր, որմէ ինքը ազատուեցաւ»:

Արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ես չեմ ասել, որ ԼՂ-ն Հայաստանի վզին թոկ էր, ես ասել եմ, որ ԼՂ հարցը օգտագործուել է որպէս թոկ ՀՀ վզին, եւ, ընդ որում, նաեւ ՀՀ ներսում, որովհետեւ շատ երկար տարիներ, երբ որ երկրում ամենատարբեր գործընթացներ կային՝ սկսած փտածութեամբ, վերջացրած այլ բաներով, ամէն ինչը բացատրւում էր՝ դէ, բանակ ենք պահում, Ղարաբաղ ենք պահում: Յետոյ երեւաց՝ ինչ է պահուել, ոնց է պահուել, ինչ տրամաբանութեան մէջ է պահուել»:

«ՀՀ ինքնիշխան տարածքից ոեւէ մէկին որեւէ միլիմեթր չի յանձնուել, ընդհակառակը՝ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեանը ոչ միայն վնաս չի հասցուել, այլ արձանագրուել է ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնն ու դրա անկիւնաքարը»:

Ազգային ժողովին մէջ՝ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, այս մասին նշեց վարչապետ Փաաշինեան, պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի հարցումին, թէ «ի՞նչ իրաւական հիմքով 2020-2021 թուականներուն Սիւնիքի մարզէն կը յանձնուէին ՀՀ իրաւազօրութեան ներքոյ գտնուող տարածքները»:

Ըստ Մինասեանի՝ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն կ’արգուի ծանօթանալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի փաստաթուղթին, ինչի առիթով դատական հայց կը պատրաստուի։

Արձագանգելով Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ես իմ անձնական որոշմամբ այդ հնարաւորութիւնը տուել էի, որ ծանօթանայիք այդ թղթերին, ծանօթացել էք, յետոյ իրականութեան հետ կապ չունեցող գրառումներ էք արել ընկերային ցանցերում, ձեր քաղաքական նպատակներով շահարկել էք, ես էլ արգելել եմ, լաւ եմ արել։ Դատարանի որոշման նկատմամբ էլ մենք մեր դիրքաւորումը կ’ունենանք»:

Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով՝ ՀՀ տարածքներէն բռնագրաւուած տարածքներ կան, աւելի քան 200 քառակուսի քմ, սակայն հայկական կողմը այդ տարածքները ռազմական ճանապարհով վերադարձնելու խնդիր չէ դրած, որովհետեւ, ըստ վարչապետին, Կանոնակարգը կը ստեղծէ հնարաւորութիւն, որ դիւանագիտական ճանապարհով այդ խնդիրը լուծուի։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment