Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վեհափառը Սուրբ Չէ, Ան Ընդամէնը Հաւատացեալներու Ծառան Է, Որ Պիտի Օգնէ Մեզի Աստուծոյ Հետ Հաղորդակցիլ. Սիմոնեան

Վեհափառը Սուրբ Չէ, Ան Ընդամէնը Հաւատացեալներու Ծառան Է, Որ Պիտի Օգնէ Մեզի Աստուծոյ Հետ Հաղորդակցիլ. Սիմոնեան

by MassisPost

«Ոնց կարելի է Սուրբ Էջմիածինը նոյնականացնել մի քանի եկեղեցականների հետ»:

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը՝ արձագանգելով հարումցին, թէ Մայր տաճարի վերաօծման ժամանակ վեհափառին ելոյթը, որ Սուրբ Էջմիածնի դէմ մարտնչողները ազգի եւ ինքնութեան դէմ կը մարտնչին, ընդդիմադիրներուն կողմէ որակուած է որպէս ապտակ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան:

«Վեհափառը ընդամէնը հաւատացեալների ծառան է, որը պէտք է մեզ օգնի Աստծոյ հետ հաղորդակցուել, ինքը թագաւոր չի, Սուրբ Էջմիածինը չի, եկէք անգրագիտութիւն չանենք եւ Սուրբ Էջմիածինը, հաւատը եւ մարդը չնոյնացնենք»,- ըսաւ Սիմոնեան:

Վերջինս նաեւ նկատեց՝ Նիկոլ Փաշինեանը, որուն սրբազան Բագրատը կ’անուանէր նեռ, այնուամենայնիւ, Մայր տաճարի օծման այնտեղ էր, իսկ ինքը անհասկնալի էր, թէ ուր. «Ինքն ո՞ւր էր, կարո՞ղ է ներս չէին թողել: Յամենայն դէպս անհասկանալի էր, թէ ոնց ստացուեց, որ ՀՀ իշխանութիւններն այնտեղ էին, իսկ «սրբազան պայքար»-ի առաջնորդը պալատկի մէջ չգիտեմ որտեղ էր»:

Սիմոնեան նաեւ նշեց, որ Գալստանեանը պիտի պատասխան տայ սուտի եւ այն ամէնուն համար, ինչ երկրի անվտանգութեան դէմ ըրած է:

«Եկեղեցին ու հաւատը սարքել մանրադրամ ու շահի համար ոչ միայն ստորութիւն է, այլ նաեւ սրբապղծութիւն, ու ինքը պէտք է մնայ փողոցում այնքա՜ն երկար»,- ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment