ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամմատ Ռեզա Արէֆը:
Վարչապետը շնորհաւորած է պարոն Արէֆը պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առիթով՝ մաղթելով ամենայն բարիք հետագայ գործունէութեան ընթացքին: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: Վարչապետը բարձր գնահատած է Իրանի սկզբունքային եւ հրապարակային դիրքորոշումը ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանաչուած պետական սահմաններու անքակտելիությեան վերաբերեալ:
Մոհամմատ Ռեզա Արէֆ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորած է Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով: Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը, վերահաստատելով Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ սեյիտ Ալի Խամենէիի խօսքերը, եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ Իրանը լիովին կը պաշտպանէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անընդունելի կը համարէ տարածաշրջանին մէջ որեւէ սահմանային փոփոխութիւն: Միաժամանակ, ան ընդգծած է Հայաստանի հետ բազմաոլորտ համագործակցութեան Իրանի նպատակադրումն ու պատրաստակամութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներու վերջին զարգացումներուն, տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման ուղղուած ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին ու անոր սկզբունքներուն, շեշտելով որ Հայաստանը պատրաստ է ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձությեան սկզբունքներու հիման վրայ ապաշրջափակմամբ նպաստելու շահագրգիռ պետութիւններու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:
Իր հերթին, Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը ընդգծած է, որ իր երկիրը կ’աջակցի ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման, ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու, ճանապարհաշինութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ուղղութիւններով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: