Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Դարձեալ Կը Պնդէ՝ Առանց ՀՀ Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Խաղաղութեան Պայմանագիրը «Թուղթի Կտոր Պիտի Ըլլայ»

Պաքուն Դարձեալ Կը Պնդէ՝ Առանց ՀՀ Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Խաղաղութեան Պայմանագիրը «Թուղթի Կտոր Պիտի Ըլլայ»

by MassisPost

Մինչ Երեւան կ’առաջարկէ Ատրպէյճանին օր առաջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, Պաքուն կը շարունակէ պնդել՝ առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան այդ պայմանագիրը «թուղթի կտոր պիտի ըլլայ»։

«Մեզի պէտք են երաշխիքներ»,- իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» թերթին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը՝ թուարկելով, թէ որոնք են պայմանագրի ստորագրման խանգարող խոչընդոտները։

«Առաջինը՝ Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է, որ կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Անոր նախաբանին մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագրին, ուր հայերէնով գրուած է «միացում» բառը, ինչ որ կը նշանակէ ատրպէյճանական տարածքի՝ Ղարաբաղի միաւորում Հայաստանին»,- նշած է Ատրպէյճանի նախագահին օգնականը։

Հաճիեւ պնդած է, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է պահանջէ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէ՝ հրաժարելով ատրպէյճանական տարածքներու նկատմամբ նկրտումներէն։

«Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի մեր հայրենակիցները, որոնք երբեք չեն տեսած այդ հողերը, ոգեւորութեամբ եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն վերադարձի օրուան՝ անհամբեր սպասելով Մեծ վերադարձի ծրագրի իրականացման»,- յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ յաւելած՝ «վստահ եմ՝ նոյն պատկերը կը տեսնենք նաեւ Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձի ժամանակ»։

Անցեալ Յունիսին Ատրպէյճանի առաջնորդը Երեւանէն պահանջած է «յստակ պատասխան տալ՝ ինչպէս կրնան Հայաստանի ներկայ տարածքէն՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանէն արտաքսուած ատրպէյճանցիները կամ անոնց ժառանգները վերադառնալ իրենց պատմական հողեր՝ այցելել այդ տարածքներ կամ բնակութիւն հաստատել այնտեղ»։

Ալիեւ պնդած է՝ այն գիւղերուն 90 տոկոսը, ուր կ’ապրէին ատրպէյճանցիները, այսօր դատարկ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment