Home Uncategorized Էջմիածինի Մայր Տաճարը Հիմնանորոգումէն Յետոյ Վերաօծուեցաւ Եւ Բացաւ Դռները

Էջմիածինի Մայր Տաճարը Հիմնանորոգումէն Յետոյ Վերաօծուեցաւ Եւ Բացաւ Դռները

by MassisPost

Շուրջ 6 տարուայ վերանորոգման աշխատանքներէն յետոյ Կիրակի, Սեպտեմբեր 29-ին կայացաւ Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւնը։

Բացման արարողութեան հետեւեցաւ հայրապետական սուրբ պատարագը։

«Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է՝ մարտնչել Սուրբ Էջմիածնի դէմ նշանակում է մարտնչել հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեանը եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութիւնից»,- վերաօծման արարողութեան առթիւ պատգամին մէջ ըսաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։

Եկեղեցւոյ եւ իշխանութեան խիստ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ՝ այստեղ ներկայ էին նաեւ պաշտօնեաները՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։

Հայաստանի նախկին նախագահները արարողութեան ներկայ չէին։

Օր մը առաջ, Մայր Աթոռի բացօթեայ խորանին մէջ տեղի ունեցաւ միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը, որ պէտք է անցեալ տարի տեղի ունենար, սակայն Արցախի հայաթափման պատճառով յետաձգուած էր:

Գարեգին Բ. կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քոյր եկեղեցիներուն զսպելու Ատրպէյճանը եւ փորձեն վերադարձնել այնտեղ բանտարկուած Արցախի բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչները: Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է ճնշել Պաքուի ծաւալապաշտական նկրտումները, այնպէս ընել, որպէսզի Ատրպէյճանը վերադարձնէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն զաւթուած հատուածները, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն դարձուի Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման, արցախահայութեան իրաւունքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment