Անքարան ջանքեր կը գործադրէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ (ԱՄՆ)՝ Թուրքիոյ տան մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան:
«Դատելով Փաշինեանի մօտեցումէն՝ ան չունի որեւէ բացասական վերաբերմունք: Մեզմէ կը պահանջուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու հարցով ջանք, որպէսզի անոնք կարենան ապրիլ որպէս հարեւաններ»,- ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահը։
Էրտողան վստահութիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շարք մը հարցեր կը լուծուին:
«Յոյսով եմ, որ մենք կրնանք քայլ առ քայլ լուծել այդ հարցերը. երկու կողմն ալ այս պահուն կ’ակնկալէ խաղաղութիւն եւ ջանքեր գկը ործադրէ, որ ստեղծուած խաղաղ եւ հանգիստ միջավայրը ըլլայ լաւագոյն լուծումը բոլորին համար»,- նշած է Թուրքիոյ նախագահը։
Էրտողանի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ երկու երկիրներուն համար։ Ան նաեւ յաւելած է, որ խաղաղ գործընթացի արդիւնքը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։
«Եթէ դիտարկենք յարգելի Փաշինեանի մօտեցումները, ապա բացասական միտում չենք տեսներ։ Անոնք մեզմէ՝ Թուրքիայէն, կ’ակնկալեն աջակցութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցով, բարիդրացիութիւն հաստատելու հարցով։ Մենք ալ այդ նպատակը կը հետապնդենք եւ ջանքեր կը գործադրենք այդ ուղղութեամբ»,- ըսած է Էրտողան՝ յաւելելով, որ Ատրպէյճանը եւս խաղաղութիւն կը փափաքի։
Յիշեցնենք՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը: Զրուցակիցները մանրամասն անդրադարձ կատարած էին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ կատարուած քայլերուն եւ առկայ պայմանաւորուածութիւններուն: