Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձը այս տարի եւս նշուեցաւ համաժողովրդային մակարդակով, Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2024-ին, Կլենտէյլի «Վերտուկօ Բարքՙ ընդարձակ զբօսայգիին մէջ, տարբեր շրջաններէն եկած բազմահազար հայերու մասնակցութեամբ։
Ընդարձակ հողատարածքը տօնական տեսք ստացած էր աւելի քան 50 այլազան տաղաւարներով, մանուկներու մասնաբաժինով, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր« օժտուած գունաւոր եւ բարձրադիր ու բազմատեսակ սարքաւորումներով։
Իսկապէս տօնական մթնոլորտ էր։ Ամէն կողմէ կը լսուէր հայկական երգն ու երաժշտութիւնը« փոխելով մարդոց տրամադրութիւնները« մասնաւորաբար՝ ազդուած էին Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքէն ներս տիրապտող քաղաքական յաճախակի օրհասական իրավիճակէն…։ Այսուհանդերձ ընկերա-ընտանեկան այս մթնոլորտին կը տիրապետէր կարեկցութիւնն ու վերապահ լաւատեսութիւն մը մօտաւոր ապագային համար։
Արդարեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կողմէ մեծ պատրաստութեամբ եւ յարակից կառոյցներու աջակցութեամբ կազմակերպուած սոյն միջոցառումը ակներեւ յաջողութիւն մը հանդիսացաւ իր բոլոր յարմարութիւններով, հոգեկան բաւարարութիւն ստեղծելով հազարաւոր այցելուներու մօտ։ Ճաշատեսակներու այլազանութիւնն ու այլ տեսակի ուտեստներու եւ ըմպելիներու հասանելիութիւնը մեծ ժողովրդականութիւն գտան։ Գալով կրպակներուն՝ հոն առկայ էին հայկական ուտելիքներն ու արտադրութիւնները« ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի այլազան ցուցադրութիւնները, որով միջավայրը վերածած էին վաճառահանդէսի կամ տօնավաճառի…։
Կէսօրէ ետք, գործադրուեցաւ պաշտշաճ յայտագիր մը։ Օրուան հանդիսավար Յարութիւն Մինասեանը ձեռնհասօրէն վարեց պատշաճ յայտագիր մը։ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի քայլերգերու ունկնդրուեթնէն ետք, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը եւ շնորհաւորեց Մայր Հայրենիքի մեծագոյն տօնը՝ անկախութեան 33-րդ տարեդարձը, մաղթելով յարաճուն վերելք բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայ։
Հայ ժողովուրդի ազգային մեծ տօնը շնորհաւորող ելոյթներով հանդէս եկան Պըրպէնք քաղաքի քաղաքապետ Նիք Շուլցը, Կլենտէյլի քաղաքապետութենէն Արտի Քացախեան եւ Վարդան Կարպետեան, Նահանգային Խորհրդարանի անդամ՝ Լորա Ֆրիտման, գոնկրէսական Ատամ ՇիՖի ներկայացուցիչ Մարին Յովակիմեան, մաղթելով նորանոր յաջողութիւթիւններ ու խաղաղ կեանք։
Նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս զբօսայգիին մէջ զետեղուած յատուկ բեմին կից ստեղծուած էր բոլորակաձեւ պարի հրապարակ մը, շրջապատուած հանդիսականներով։ Առաջին հերթին ելոյթ ունեցաւ Կլենտէյլի Լարք Երաժշտանոցի արհեստավարժ պարախումբը, որ իր հայկական տոհմիկ տարազներով համաչափ ու գեղեցիկ կատարումով արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատականին։
Այնուհետեւ ընթացք առաւ պէսպիսուն ծրագիր մը, որուն մաս կը կազմէին տարբեր կառոյցներու պատանեկան պարախումբեր, անհատ կատարողներու ելոյթներ, նոր երանգ ու ճոխ այլազանութիւն մը ցուցադրելով ներկաներուն մօտ ստեղծեցին։
Մթնոլորտը խանդավառող ելոյթներով հանդէս եկան շնորհալի երգիչներ եւ կատարողներ Little Belfry, Մէրի Պապայեան, Իվան Մովսիսեան, Մալիքա, Սարգիս Սարգիսեան, Վարդան Թայմազեան, Սագօ Գ., Արամ Մուրատեան, Եանա Գիրոգրեան եւ Մկ. Յարութիւն Մինասեան։
Յետ միջօրէին ներկաները զբօսագիէն հեռացան առաւել լիցքաւորուած, բարձր տրամադրութեամբ, ինչպէս նաեւ յիշատակելի օրուան մը լաւագոյն տպաւորութիւններով։