Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանազաւթման Փորձ` Երկու Ճակատով

Իշխանազաւթման Փորձ` Երկու Ճակատով

by MassisPost

2018-ի թաւշեայ յեղաղափոխութիւնէն աստին Հայաստան կը դասուի ժողովրդավարական երկիրներու շարքին, ուր կը յարգուին բոլոր տեսակի ազատութիւնները, որոնց շարքին  իշխանութեան ձգտելու իրաւունքը՝ ընտրութիւններու միջոցաւ։ Սակայն, տակաւին կան ուժեր, որոնք պատրաստ չեն գործելու ժողովրդավարական մշակոյթի հովանոցին տակ ու անոր օրէնքներուն համապատասխան։

Անցեալ շաբաթ բացայայտուեցաւ բռնի ուժով իշխանութիւնը գրաւելու նախապատրաստութեան դէպք, որուն մասնակիցները նիւթական վարձատրութեան դիմաց փոխադրուած են Ռուսաստան՝ այնտեղ եռամսեայ հաւաքներու եւ տարբեր տեսակի զինատեսակներով վարժանքներու մասնակցելու համար։

Ըստ Քննչական Կոմիտէի հաղորդած տեղեկութիւններուն հաւաքագրուած անձերուն յայտնուած է թէ, նպատակը Հայաստան վերադառնալն ու գործող իշխանութիւնը հեռացնելն ու այդպիսով երկիրը մաքրելն ու փրկելը:

Բարեբախտաբար, հաւաքագրուած անձերուն մէկ մասը մերժած է մասնակցիլ վարժանքներուն ու վերադարձած է Հայաստան։ Իսկ խումբի անդամներուն միւս մասը չեն կարողացած իրենց ծրագիրը հասցնել  աւարտին՝ իրաւապահներու կողմէ բացայայտելու եւ ձերբակալուելու հետեւանքով։

Հայաստանի իշխանութիւնները հրապարակաւ չարտայայտուեցան այս իրադարձութեան ու Ռուսաստանի անուան հետ առնչութեան մասին։ Հաւանաբար, այդպէս ալ շարունակեն լուռ մնալ Քրեմլինի հետ յարաբերութիւնները աւելի չսրելու համար, մանաւանդ որ, այս եղելութիւններու ամբողջ ծալքերը տակաւին յայտնի չեն։

Ահաբեկչութեամբ իշխանութեան տիրանալու այս հերթական փորձի կողքին, Բագրատ Գալստանեան կը շարունակէ իր «սրբազան պայքարը»՝ իշխանութեան տիրանալու նպատակով։ Ան իր համախոհներով հաւաքուած էր Մարզահամերգային Համալիրէն ներս, ուր կիսադատարկ սրահին մէջ ան յայտարարեց, որ Հայաստանին պէտք է օրինական իշխանութիւն։ Սրբազանը խոստացած է Հոկտեմբերին վերսկսիլ հանրահաւաքները։ Ան նախ պէտք է յստակեցնէ, թէ ինչ միջոցներով պէտք է ձեւաւորուի այդ, իր իսկ ըսած՝ «օրինական իշխանութիւնը»։ Իշխանութիւնը կը դառնայ օրինական եթէ այն ընտրուած է ժողովուրդի կողմէ՝ ազատ ու արդար ընտրութիւններու միջոցաւ։ Սակայն, Բագրատ Գալստանեանի ու իր հովանաւորներուն մօտ իշխանափոխութեան հասնելու ամենակարճ միջոցը փողոցային անյոյս պայքարն է, որուն կողմ չեն Հայաստանի քաղաքացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք դժգոհ են գործող իշխանութիւններէն, գիտեն որ ի վիճակի են իրենց ձայնը լսելի դարձնելու՝ 2026-ին նախատեսուած ընտրութիւններու ընթացքին։

Ահաբեկչութիւն թէ՞ փողոցային պայքար, երկուքն ալ խորթ են ժողովրդավարութեան խաղի կանոններուն ու կը մնան մերժուած հասարակութեան կողմէ։ Այս պարզ իրողութիւնը հասկնալու դժուարութիւնը  ունին նախկին իշխանութիւններուն հետ կապուող շրջանակները ու փորձուածը դարձեալ փորձելով կը խորհին թէ պիտի կարողանան հասնիլ տարբեր արդիւնքի ու ապահովեն Իշխանազաւթման իրենց հայրենակործան ծրագիրները։

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment