Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Համագործակցութիւնը Կը Ներառէ Պաշտպանական Գնումներու Ոլորտը. Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարար

Մեր Համագործակցութիւնը Կը Ներառէ Պաշտպանական Գնումներու Ոլորտը. Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարար

by MassisPost

Այս այցը վառ ապացոյց է ամուր կապերու, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան, որոնք առկայ են երկու երկիրներուն՝ Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ այս մասին ըսաւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմասը:

«Մեր երկիրները ունին հարուստ պատմութիւն եւ կը կիսեն այդ պատմութիւնով ընդհանուր մշակութային ժառանգութիւնը, խոր կը գիտակցին եւ փոխ կ’ըմբռնեն այն մարտահրաւէրները, որոնք պէտք է յաղթահարեն, եւ որոնց պէտք է դիմակայեն փոքր պետութիւնները, որոնք վճռական են՝ պաշտպանելու իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ անոր գագաթնակէտն է եւ հաստատումն է մեր երկիրներուն միջեւ առկայ բարձր համագործակցութեան»,- նշեց ան։

Վերջինս ընդգծեց, որ երկու երկիրները՝ Կիպրոսը եւ Հայաստանը, տարիներ շարունակ արդէն ձեւաւորած են բովանդակալից եւ զարգացող յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ:

«Մեր համագործակցութիւնը կը ներառէ փոխադարձ այցեր ռազմական անձնակազմի, ընդհանուր զօրավարժութիւններ եւ վարժանքներ, ինչպէս նաեւ պաշտպանական գնումներու ոլորտը: Մեր զինուած ուժերուն փոխգործակցութիւնը այդ ձեւաչափնի շնորհիւ աւելի ամրապնդուած է, բայց միեւնոյն ժամանակ զարգացած են փոխադարձ յարգանքը եւ փոխըմբռնումը. գերազանց են մեր յարաբերութիւնները:

«Անշուշտ, կայ ներուժ ա՛լ աւելի ամրապնդելու այդ համագործակցութիւնը եւ յարաբերութիւնները, ինչպէս, օրինակ, ընդլայնել համատեղ զօրավարժութիւններու ձեւաչափը, բացայայտելու պաշտպանական, արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններու պաշտպանական ոլորտի համագործակցութեան ընդլայնման ձեւաչափը»,- ըսաւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Վասիլիս Փալմասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան կը գտնուի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրաւէրով:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment