Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Հայերու Անվտանգ Վերադառնալու Իրաւունքը Չափազանց Կարեւոր Է Տարածաշրջանին Մէջ Կայունութիւնը Վերականգնելու Համար. Փոխնախագահ Հարիս

ԼՂ Հայերու Անվտանգ Վերադառնալու Իրաւունքը Չափազանց Կարեւոր Է Տարածաշրջանին Մէջ Կայունութիւնը Վերականգնելու Համար. Փոխնախագահ Հարիս

by MassisPost

Փոխնախագահ Քամալա Հարիս շնորհաւորական ուղերձ յղած է ամերիկահայ համայնքին Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով:

Սեպտեմբեր 23-ին ԱՄՆ փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիս շնորհաւորական ուղերձ յղած է ամերիկահայ համայնքին Հայաստանի Անկախութեան 33-րդ տարեդարձին առիթով:

Ամերիկահայ համայնքին հասցէագրուած ուղերձին մէջ փոխնախագահ Հարիս իր լաւագոյն բարեմաղթանքները յղած է ամերիկահայ համայնքին Հայաստանի Անկախութեան օրուան առիթով, որ, ըստ անոր, կը նշուի այն օրը, «երբ հայ ժողովուրդը քուէարկեց Խորհրդային Միութենէն անջատուելու օգտին՝ ազատ, անկախ ազգ դառնալու համար»:

Բացի անկէ, իր ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Այս կարեւոր օրը նշելուն զուգահեռ հարկաւոր է միշտ յիշել նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ մօտ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ ուղարկուեցան մահուան: Ատիկա ողբերգութիւն մըն է, որ  կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը։ Ամերիկահայ համայնքին տոկունութիւնը ոգեշնչման աղբիւր է մեր ընդհանուր ամերիկեան պատմութեան համար», – ընդգծած է փոխնախագահը:

«Ես կը շարունակեմ յանձնառու ըլլալ Հայաստանի եւ անոր հարեւաններուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, որ կը յարգէ ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը չափազանց կարեւոր է հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնելու տեսանկիւնէն:

«Ես պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանի՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն:

«Հայաստանն ու անոր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ կ’ոգեշնչէ բոլորս պայքարելու յանուն ազատութեան եւ արդարութեան: Հաւատարիմ կը մնամ մեր երկիրներուն միջեւ կապերու խորացման եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ամրապնդման, որոնք ի ցոյց կը դնեն մեր ընդհանուր արժէքներն ու ձգտումները: Միասին կրնանք կառուցել աւելի ապահով, արդար եւ ազատ աշխարհ»,- ըսուած է փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ուղերձին մէջ՝ հասցէագրուած ամերիկահայ համայնքին Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment