Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի աշխատակազմը յայտարարած է նոր կառավարութեան կազմը, անոնց շարքին երեք հայազգի նախարար կայ։
Աստրիդ Փանոսեան-Պուվէն նշանակուած է աշխատանքի եւ զբաղուածութեան նախարար, Կիյոմ Գասպարեանը՝ քաղաքացիական ծառայութեան, պետական գործունէութեան պարզեցման եւ վերափոխման, իսկ Անթուան Արմանը՝ տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ արդիւնաբերութեան նախարար։
Աստրիդ Փանոսեան-Պուվէն գործունէութիւն ծաւալած է մասնաւոր հատուածին մէջ, ան նախագահ Մաքրոնի հետ «La République En Marche» քաղաքական շարժման համահիմնադիրներէն է։ Նորանշանակ նախարարը քաղաքաշինութեան եւ ընկերային քաղաքականութեան մեծ փորձ ունի։ Յայտնի է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին հետ անոր կապի մասին:
Կիյոմ Գասպարեանը Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր է, այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2017 թուականէն։ Ան բնակարանային բարեփոխումներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու գործուն կողմնակիցն էր: Գասպարեանը հայ համայնքին հետ աշխոյժ կապի մէջ է։
33 տարեկան Անթուան Արմանն ամենաերիտասարդներէն մէկն է, որ կը զբաղեցնէ ելեւմուտքի նախարարի առանցքային պաշտօնը: Տնտեսագիտութեան եւ ելեւմուտքի բնագաւառին մէջ աշխատելով՝ ան նախապէս զբաղեցուցած է Ազգային Ժողովի Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։
Երեք նախարարներն ալ նախագահ Մաքրոնի կուսակցութեան անդամներ են։
Բացի անկէ, Ֆրանսան ունի նոր արտաքին գործերու նախարար՝ Ժան-Նոէլ Պարոն, իսկ Սեպասթիան Լըքորնիուն պիտի շարունակէ զբաղեցնել Զինուած ուժերու եւ վեթերաններու գործերու նախարարի պաշտօնը։
Պրունօ Ռեթայօն պիտի ղեկավարէ Ներքին գործերու նախարարութիւնը։ Ան Ֆրանսայի վարչապետին հետ Հայաստան եւ Արցախ այցելած է։ Հայկական հարցերու շուրջ իրենց դիրքորոշումներուն եւ այցերուն պատճառով ե՛ւ Ռեթայօն, ե՛ւ Ֆրանսայի վարչապետը Ատրպէյճանի մէջ կը համարուին անբաղձալի անձնաւորութիւն։