Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արեւմուտքը Կանգնած Է Հայաստանի Մէջ Յեղաշրջման Փորձի՝ Ռուսաստանի Մասնակցութեան Կեղծիքին Ետին. Զախարովա

Արեւմուտքը Կանգնած Է Հայաստանի Մէջ Յեղաշրջման Փորձի՝ Ռուսաստանի Մասնակցութեան Կեղծիքին Ետին. Զախարովա

by MassisPost

Հայաստանի մէջ յեղաշրջման փորձին Ռուսաստանի հնարաւոր մասնակցութեան մասին հաղորդագրութիւնները, որոնք ըրած են արեւմտեան հետախուզական գործակալութիւնները, կեղծ են:

Եւրասիական կանանց IV համաժողովի շրջանակին մէջ կայացած ճեպազրոյցին ժամանակ այս մասին  յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Հայաստանի շարք մը պաշտօնեաներուն ցանկութիւնը՝ խեղաթիւրել Հայաստանի Քննչական Կոմիտէին հաղորդագրութիւնը յեղաշրջման փորձը կանխելու մասին՝ այնտեղ ինչ-որ ռուսական հետք գտնելու ակնկալիքով, անհեթեթ է եւ չի դիմանար որեւէ քննադատութեան: Զարմանալի է, թէ ինչպէս կը փոխուին ժամանակները: Ես Հայաստանի մէջ որոշ քաղաքական գործիչներէ լսած էի, որ իշխանութիւնը զաւթելը իսկական ժողովրդավարութիւն է:

Ցաւալի է, որ Հայաստանի մէջ որոշ շրջանակներ կ’որդեգրեն արեւմտեաններու մաշուած մարտավարութիւնը, որոնք տասնամեակներ շարունակ կը դիմեն ռուսական երեւակայական սպառնալիքի որոնման։ Տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ փոխադարձ յարգանքով, այլ ոչ թէ հրաժարին անոնցմէ»,- ըսած է ան:

Զախարովայի խօսքով՝ Հայաստանը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) եւ Ռուսաստանէն չէ, որ պէտք է վախնայ։

«Սա ինքնին անհեթեթ է, քանի որ մենք կը զարգացնենք առեւտուրը եւ կը մնանք ամենամօտ դաշնակիցը բոլոր առումներով: Հայաստանը պէտք է զգուշանայ Արեւմուտքէն»,- ընդգծած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment