Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրեմլինը Արձագանգած Է ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի Գնահատականներուն

Քրեմլինը Արձագանգած Է ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի Գնահատականներուն

by MassisPost

Քրեմլինը բացարձակապէս համաձայն չէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ անոր գնահատականին հարցով, կազմակերպութենէն որեւէ վտանգ չի բխիր հանրապետութեան ինքնիշխանութեան համար: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

Աւելի վաղ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Համաշխարհային հայկական համաժողովին յայտարարած է, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ մօտ է «անդառնալիութեան կէտին»։ Անոր խօսքով՝ «կազմակերպութիւնը սպառնալիքներ ստեղծած է երկրի ինքնիշխանութեան համար»։

«Պէտք է կտրականապէս չհամաձայնինք պարոն Փաշինեանի հետ: ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար որեւէ վտանգ չի կրնար բխիլ եւ չի բխիր: Ընդհակառակը, այս կազմակերպութիւնը կը պահպանէ անդամ-երկրի ինքնիշխանութիւնը: Բայց մենք այս դիրքորոշումը համբերատար կերպով կը հասցնենք Հայաստանի ղեկավարութեանը,- լրագրողներուն ըսած է ան։

ՌԴ նախագահին մամուլի քարտուղարը յայտնած է նաեւ, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ շփումները Հայաստանի հետ։

«Մենք կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք շփումները Հայաստանի հետ: Անկասկած, ան մեր մտերիմ գործընկերն է»,- ըսած է ան լրագրողներուն՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք պիտի շարունակուե՞ն Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ շփումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment