Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Վերջին Տարիներուն Կը Խթանէ Յարաբերութիւնները Ափրիկեան Երկիրներուն Հետ. Նախագահը Ընդունած Է Սիերա Լէոնի Դեսպանը

Հայաստանը Վերջին Տարիներուն Կը Խթանէ Յարաբերութիւնները Ափրիկեան Երկիրներուն Հետ. Նախագահը Ընդունած Է Սիերա Լէոնի Դեսպանը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սիերա Լէոնի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալի Պատարա Քամարայի հետ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին դիւանագիտական առաքելութեան ընթացքին կատարած աշխատանքին համար եւ մաղթած է յաջողութիւններ հետագայ գործունէութեան մէջ:

Դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, շեշտած է, որ կը կարեւորէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ համագործակցային ներուժի բացայայտման ուղղուած ջանքերուն ներդրումը, մասնաւորապէս՝ տնտեսութեան ոլորտին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Սիերա Լէոնի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր:

Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Հայաստանը վերջին տարիներուն կը խթանէ յարաբերութիւնները ափրիկեան երկիրներուն հետ համագործակցային նոր ուղիներ որոնելով:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային իրողութիւններուն շուրջ՝ երկուստեք ընդգծելով կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment