Բացայայտուած է իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան դէպք, հաղորդած է Քննչական Կոմիտէն՝ տեղեկացնելով, որ 7 անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է, որոնցմէ 3-ը կալանաւորուած են, 4-ի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:
Կոմիտէն կը մանրամասնէ՝ Հայաստանի քաղաքացիներ Ս.Գ.-ն, Ա.Է.-ն, Ա.Հ-ն, Է.Ս.-ն, Ա.Ս-ն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բնակիչներ Ա.Մ.-ն Ա.Ս.-ն, ինքնութիւնները դեռեւս չպարզաբանուած այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, 2024-ի ընթացքին հաւաքագրած են Հայաստանի շարք մը քաղաքացիներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը նախկին բնակիչների եւ իւրաքանչիւրին ամսական շուրջ 220 հազար ռուսական ռուպլի վճարի դիմաց, զանոնք փոխադրած են Ռուսաստան՝ այնտեղ եռամսեայ հաւաքներ անցնելու եւ անոր ընթացքին նոր ծանր զինատեսակներուն ծանօթանալու, անոնց կիրառման հմտութիւններ ուսանելու, ապա Հայաստան վերադառնալէ յետոյ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու, ինչպէս նաեւ գիտելիքները այլ անձերու փոխանցելու համար։
Հաւաքագրուած անձեր տարբեր խումբերով մեկնած են Ռուսաստանի Տոնի Ռոսթով քաղաք, ապա փոխադրուած են այլ վայր, ուր անցած են նախնական ստուգումներ։ Նախնական ստուգումէն յետոյ անոնք տեղակայուած են «Արբատ» անուանումով ռազմակայան, որմէ յետոյ անոնց հետ անցուցած են արդէն իրենց յայտնի զինատեսակներով փակ տարածքի մէջ՝ շէնքի ներսը, մարտ վարելու պարապմունքներ։
Ըստ կոմիտէին՝ հաւաքագրուած անձերուն յայտնած են, որ վարժանքներուն նպատակը Հայաստան վերադառնալն ու գործող իշխանութիւնը հեռացնելն է՝ հնչեցնելով այդ կերպ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մաքրելու եւ փրկելու կոչեր:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հաւաքագրուած անձերուն մէ մասը մերժած է մասնակցիլ վարժանքներուն ու վերադարձած է Հայաստան։ Իսկ յանցաւոր խումբի անդամները յանցագործութիւնը աւարտին չեն հասցուցած իրենց կամքէն անկախ հանգամանքներով՝ ՀՀ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յանցագործութիւնը բացայայտելու հետեւանքով
Քննչական Կոմիտէն կը նշէ, որ ձերբակալուած անձերուն մեղադրանքներ ներկայացուած են, կալանքի մասին միջնորդութիւններ ներկայացուած են դատարան, որոնք բաւարարուած են։
«Աշխոյժ միջոցներ կը ձեռնարկուին՝ յանցաւոր խումբի այլ անդամներու նոյնականացման ուղղութեամբ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։