Ֆրանսան պիտի շարունակէ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանին աջակցութիւնը։ Երեւանի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն։
«Հայաստանը պէտք է կարենայ պաշտպանել իր ամբողջականութիւնը՝ իր տարածքը, իր բնակչութիւնը։ Բարեկամներու միջեւ բնական է համագործակցութիւնը նաեւ այս բնագաւառին մէջ, եւ մենք այդ կ’ընենք՝ եւս մէկ անգամ ինքնիշխանութեան յարգանքով եւ առանց որեւէ մագլցողութեան կամքի»,- ընդգծեց ան։
«Հայաստանը կ’ուզէ խաղաղութիւն, Ֆրանսան կ’ոպզէ խաղաղութիւն, միջազգային հանրութիւնը կ’ուզէ խաղաղութիւն եւ քանի որ Ատրպէյճանը շուտով պիտի հիւրընկալէ COP 29-ը (ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրութեան Մասնակիցներու համագումարի 29-րդ նստաշրջանը), անոր պատասխանատուութիւնն է ցոյց տալ, որ ան անկեղծօրէն կ’ուզէ հասնիլ խաղաղութեան նախքան COP 29-ը։ Կը կարծեմ, որ պէտք է կարենանք յառաջ երթալ այս թեմային շուրջ շատ արագ»,- ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը։
Վերջինս նկատեց, որ Ֆրանսայի մէջ շատ քիչ թեմաներ կան, որոնց շուրջ բոլոր քաղաքական ուժերը համակարծիք են, եւ Հայաստանը անոնցմէ մէկն է․ «Չնայած սպառնալիքներուն, չնայած ակնյայտ թշնամանքին, որ Ռուսաստանը կը դրսեւորէ եւ կ’ուզէ ճնշում գործադրել, Հայաստանը կը շարունակէ իր ուղին դէպի ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն, փուլ առ փուլ յառաջ կ’երթայ»:
Սեժուրնէն նաեւ ընգծեց, որ իր այցը Հայաստան հաստատած են Ֆրանսայի նոր վարչապետը եւ նախագահը:
«Կարելի է ըսել՝ սա պետութեան յանձնառութեան շարունակականութիւնը կը դրսեւորէ, մեր պաշտպանած արժէքներու փոփոխութիւն պիտի չըլլայ։ Մեր յարաբերութիւններուն ու աջակցութեան շարունակականութիւնը պիտի պահպանուի»,- նշեց ան՝ շեշտելով, որ կրնայ ըլլալ պաշտօնեաներու փոփոխութիւն, սակայն յանձնառութիւնը պիտի շարունակուի, ինչի մասին կը փաստէ նաեւ իր ներկայութիւնը:
Հայաստանը կ’ուզէ ամրապնդել եւ ուժեղացնել իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, պետականութիւնը, եւ այս ճանապարհին շատ բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդունելով Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն։
Հայաստանի գործադիրի ղեկավարը կարեւորած է Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը, այդ շարքին՝ անվտանգութեան ու տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
Վարչապետը ընդգծած է նաեւ ԵՄ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը: