Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճոն Կալահերը, Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը եւ պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը թանգարանի մուտքին մօտ դիմաւորած են Անահիտ աստուածուհիին պրոնզաձոյլ արձանը։
«Բրիտանական թանգարանը Անահիտի պրոնզաձոյլ կիսանդրին յանձնած է Երեւանի պատմութեան թանգարանին, ուր այն, թանգարանի սեփական գանձերու կողքին, պիտի ցուցադրուի Սեպտեմբեր 21-էն մինչեւ 2025թ․ Մարտ 21։ Այս ցուցահանդէսը բացառիկ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ հայաստանցիներուն՝ կապուելու իրենց մշակութային ժառանգութեան հետ, իսկ աշխարհի տարբեր երկիրներու այցելուներուն՝ աւելին իմանալու Հայաստանի հին քաղաքակրթութեան մասին:
Ցուցահանդէսը կարեւոր փուլ է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային փոխանակման մէջ: Այն հիմնուած է անցեալ տարի երկու թանգարաններուն միջեւ հաստատուած ամուր համագործակցութեան վրայ՝ «Շուք եւ հզօրութիւն. Պարսկաստանը Յունաստանին» ցուցահանդէսով, որուն համար Հայաստանի պատմութեան թանգարանը քանի մը նմոյշ տրամադրած է բրիտանական թանգարանին:
Բրիտանական թանգարանը յայտնի է իր ընդարձակ հաւաքածուով եւ այս գանձերը ամբողջ աշխարհի հանդիսատեսին հետ կիսելու ցանկութեամբ: Թանգարանը կը ձգտի համագործակցելու հասարակութեան, թանգարաններու եւ ակադեմական գործընկերներու հետ՝ հասկնալու, թէ ինչպէս կրնան համագործակցիլ ցուցանմուշները իրենց ծագման վայրին աւելի մօտ ցուցադրելու համար»,- կ’ըսուի Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։