Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թիֆլիսը Պատրաստ Է Իր Դերակատարումը Ունենալու՝ Ապահովելու Կայունութիւնը Տարածաշրջանին Մէջ. Քոպախիձէ

Թիֆլիսը Պատրաստ Է Իր Դերակատարումը Ունենալու՝ Ապահովելու Կայունութիւնը Տարածաշրջանին Մէջ. Քոպախիձէ

by MassisPost

Թիֆլիսը պատրաստ է իր «դերակատարումը ունենալու՝ ապահովելու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ ուժերու ներածին չափով», Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ Հայաստանի վարչապետին հետ ճեպազրոյցին ընթացքին յայտնեց Վրաստանի վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնական այցով մեկնած է Թիֆլիս, ուր Իրաքլի Քոպախիձէի հետ առանձնազրոյցէն յետոյ հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ։

«Վրաստանը կ’աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան։ Մեր ջանքերը տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու յաղթահարման ուղղութեամբ կը շարունակուին։ Վրաստանը կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ դրական ընթացքը։ Պատրաստ ենք մեր դերակատարումը ունենալու՝ ապահովելու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ մեր ուժերու ներածին չափով»,- ըսաւ Քոպախիձէն։

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանն ու Վրաստանը փոխադարձաբար կը յարգեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

«Այս փաստը համարում եմ Հարաւային Կովկասում կայունութեան ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր գործօններից մէկը։ Մեր երկրների միջեւ առկայ համագործակցութիւնը մեր պատկերացումների գործնական արտացոլումն է, թէ ինչպիսին պիտի լինեն տարածաշրջանի երկրների միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած ընդհանուր շահերի, փոխադարձ յարգանքի ու համընդհանուր զարգացմանն ուղղուած տնտեսական համագործակցութեան վրայ»,- յաւելեց Փաշինեան։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ Հայաստանի վարչապետը ըսաւ, որ «շուրջ երկու տարուայ բանակցութիւնների արդիւնքում Երեւանն ու Պաքուն կարողացել են համաձայնեցնել խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին պայմանագրի բնագիրը, մօտ 80 տոկոսը»։

«Մենք Ատրպէյճանին առաջարկել ենք ամենամօտ ապագայում ստորագրել այդ փաստաթղթի նախագծում առկայ եւ մինչեւ այս պահն արդէն իսկ համաձայնեցուած դրոյթները, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու շարունակել քննարկումները երկուստեք կարեւորութիւն ունեցող բոլոր հարցերը հասցէագրելու ուղղութեամբ»,- նշեց ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment