Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բագրատ Սրբազանը Ազգային Ժողովին Մէջ Հանդիպեցաւ Ընդդիմադիրներու Հետ

Բագրատ Սրբազանը Ազգային Ժողովին Մէջ Հանդիպեցաւ Ընդդիմադիրներու Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Բագրատ սրբազանը Ազգային Ժողովին մէջ հանդիպած է ընդդիմադիր խորհրդարանական երկու խմբակցութիւներուն՝ «Հայաստան»-ի եւ «Պատիւ Ունեմ»-ի պատգամաւորներուն։ Ինչպէս հանդիպումէն առաջ նշեց, պայքարը շարունակելու համար որոշած են քաղաքական դաշտի բոլոր գործող դերակատարներուն հանդիպիլ։

«Յառաջիկայ գործողութիւններին իրենց որոշակի իմաստով անելիքները եւ հասկանալու համար, թէ ինչ ճանապարհով են առաջ գնալու», – հանդիպումէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ան։

Բագրատ Գալստանեանը նշեց, թէ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագրի» հետ հանդիպում նախատեսուած չէ, բայց պատրաստ է լսելու նաեւ իշխանական պատգամաւորներուն, եթէ ըսելիք ունին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment