Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Պրիւքսէլի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի 100-Ամեակը Եւ Հայաստանի Ազգային Տօնը

Պրիւքսէլի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի 100-Ամեակը Եւ Հայաստանի Ազգային Տօնը

by MassisPost

11 Սեպտեմբերին Պրիւքսէլի քաղաքապետարանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մեծանուն րգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-րդ տարեդարձին առիթով համերգ, որուն յաջորդեց հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին։ Այս մասին յայտնած են Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։

Միջոցառման ներկայ էին Պելճիքայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պատգամաւորներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, Եւրոպական յանձնաժողովի եւ արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական կազմը, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ այլք։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ դեսպան, Եւրոպական միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանը։ Դեսպան Բալայեան մեկնարկեց՝ ընթերցելով Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ պատանդներուն անունները՝ ընդգծելով, որ անոնք զրկուած են անկախութեան տօնը նշելու հնարաւորութենէն։

Հայաստանի դեսպանը զուգահեռներ կատարեց հայ ժողովուրդի անցած ճանապարհին եւ Շարլ Ազնաւուրի կեանքին միջեւ՝ նշելով, որ մեծանուն հայ երգիչին Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան քաղաքացիութեան շնորհումը, եւ ներկայիս անոր ընտանիքին՝ Հայաստանի մէջ բնակելու հանգամանքը խորհրդանշական է։ Այս փաստը կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդին հայրենիքի որոնումը աւարտած է, եւ 33 տարի առաջ Հայաստանը վերագտած է իր անկախութիւնը եւ դարձած՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան լիիրաւ ինքնիշխան անդամ։

Ողջոյնի խօսքին յաջորդեց «Ազնաւուր 100» խորագրով համերգը։ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի եւ Արտաքին գործերու նախարարութիւններուն հովանիին ներքոյ «Ազնաւուր 100» ծրագրի շրջանակներուն մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար՝ Դաւիթ Մելքոնեան, մենակատարներ՝ Գոռ Սուջեան եւ Ինգա Արշակեան՝ հիւրերուն համար կատարելով Ազնաւուրի ամենայայտնի երգերը ճազային ընթերցմամբ։

Համերգէն յետոյ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին նուիրուած ընդունելութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment