«44-օրեայ պատերազմից յետոյ ունենք անհետացած զէնքի մեծ քանակ», կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Ան նշեց, որ հարցը քննարկուած է նաեւ Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ, իսկ ներքին գործերու նախարարին յանձնարարականներ տուած է ապօրինի զէնք-զինամթերքի փնտռտուքի հետ կապուած մեթոտաբանութիւնները վերանայելու հարցով։
«Այն մեթոտաբանութիւնները, որոնցով մենք աշխատել ենք, իրենք այլեւս չեն համապատասխանում նոր մարտահրաւէրներին, եւ պէտք է ասեմ, որ նոր մեթոտների կիրառությամբ որոշակի ոչ մեծ, բայց արդիւնքներ կան»,- ըսաւ Փաշինեան։
Վարչապետին այս յայտարարութիւնները հնչեցին գլխաւոր դատախազի զեկոյցի լոյսին տակ։ Աննա Վարդապետեանը յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ այս տարուայ ութ ամիսներու ընթացքին առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու թիւը 17,8 տոկոսով աճած է։ Դատախազը յստակացուց՝ մտահոգիչ է, որ աճած են զէնքի գործադրմամբ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու դէպքերը։