Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայերը Խելացի Են, Շուտով Պիտի Հասկնան Ուր Է Իրենց Երջանկութիւնը». Լուքաշենքօ

«Հայերը Խելացի Են, Շուտով Պիտի Հասկնան Ուր Է Իրենց Երջանկութիւնը». Լուքաշենքօ

by MassisPost

Պելառուսիոյ մէջ բնակող ազգային համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն յայտնած է, որ ինք կողմ է Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններու պահպանման։ Լուքաշենքօն ընդունած է, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կան որոշակի «թերացումներ եւ նրբերանգներ», սակայն վստահ է, որ Մինսքի մեղքը անոր մէջ բացարձակապէս չկայ։

«Մենք ամէն կերպ փորձած ենք օգնել հայերուն, համագործակցած ենք ինչպէս ամենամօտ մարդոց հետ, ամէն կերպ օգնած ենք: Բայց, տեսէք, ուզած են Արեւմուտք, ԵՄ… ինչ Արեւմուտ՞ք։ Մենք դեմ չենք Արեւմուտքի, ամերիկացիներուն հետ համագործակցութեան, բայց դուք կը տեսնէք անոնց քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Լուքաշենքօն։

Պելառուսիոյ նախագահը վստահ է, որ ԱՄՆ ընտրութիւններէն յետոյ նոր ղեկավարութիւնը, անկախ անկէ, թէ կ’ըլլայ Թրամփը, թէ Հարիսը, պիտի վերանայի իր քաղաքականութիւնը։

«Անոնց (ամերիկացիներուն) սովորութիւնը այսպիսինն է. «Իսկ ո՞վ էք դուք։ Մենք ձեզ չենք ճանչնար: – Ինչպէ՞ս չէք ճանչնար,  չէ  որ  մենք  ձեզի  հետ  ընկերութիւն  ըրած ենք, դուք մեզի զէնք մատակարարած էք… – չէ, ատիկա մենք չենք եղած»,- ըսած է ան։

Լուքաշենքոյի խօսքով՝ այս մասին ինք անընդհատ խօսած է Հայաստանի ղեկավարութեան հետ՝ խորհուրդ տալով վստահիլ քաղաքականութեան մէջ իր բազմամեայ փորձին։ Լուքաշենքօն յաւելած է, որ ինք «շատ բան տեսած է, անոնց կարելի չէ վստահիլ»։ Ան միաժամանակ վստահ է, որ հայերը շատ խելացի մարդիկ են, եւ շուտով անոնք պիտի հասկնան, թէ ուր է իրենց երջանկութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment