«Մենք պէտք է ներգրաւուինք, որպէսզի Հայաստանը կարենայ պաշտպանուիլ, ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել։ Այդ կը նշանակէ Ռուսաստանը դուրս բերել Հայաստանէն։ Այդ նաեւ կը նշանակէ կարգաւորել [Հայաստանի] յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչ որ չափազանց կարեւոր է, որպէսզի առեւտուրի համար բացուին այլ ուղիներ»,- կ’ըսէ ծերակուտական Քարտինը՝ ընդգծելով, որ այս ճանապարհին հիմնական խոչընդոտներէն է Մոսկուան, որ կը փորձէ խոչընդոտել տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման:
Հելսինքեան Յանձնաժողովի միւս համանախագահ, գոնկրէսական Ուիլսընը եւս կը կարեւրէ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Այդ, ըստ գոնկրէսականին, կը բխի տարածաշրջանի շահերէն եւ որուն կ’ընդդիամանայ Փութինի վարչակարգը:
«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պէտք է բովանդակալից քայլեր ձեռնարկեն Հայաստանի հետ հաշտեցման ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու այս գործընթացին, բայց միայն սատարելը բաւարար չէ։ Կը պահանջուին տարածաշրջանի բոլոր շահագրգիռ կողմերու համատեղ ջանքեր: Հայաստանի եւ, իսկապէս, ամբողջ տարածաշրջանի ապագան կախուած է անկէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն եւ տարիներուն»,- կ’ըսէ գոնկրէսական Ճօ Ուիլսընը:
ԱՄՆ գոնկրէսին մէջ թրքական յանձնախումբի միւս համանախագահ, գոնկրէսական Սթիւ Քոհեն իր հերթին քննադատութեան ենթարկեց Թուրքիոյ այսօրուայ քաղաքականութիւնը, յատկապէս Իսրայէլի հարցով՝ պնդելով՝ Անքարան այսօր բարեկամաբար չի դրսեւորեր ինքզինք ԱՄՆ-ի հանդէպ:
«Թուրքիան այսօր այնպիսին չէ, ինչպիսին էր նախապէս, երբ մենք ստանձնեցինք [ԱՄՆ գոնկրէսին մէջ թրքական յանձնախումբի] համանախագահությունը: Անոնք այլեւս միշտ չէ, որ մեր հանդէպ բարեկամաբար կը գործեն։ Անոնք այնքան ալ վստահելի չեն: Անոնք կը յարաբերին նաեւ ռուսերուն, չինացիներուն եւ այլոց հետ։ Զգոյշ եղի՛ր, Հայաստան, երբ գործ ունենաս Թուրքիոյ հետ»,- ընդգծած է գոնկրէսականը:
Լսումներու բանախօս, Քարնեկի հիմնադրամի փոխնախագահ Տէն Պայըրի կարծիքով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի վերաբացումը արմատապէս պիտի փոխէ տարածաշրջանը՝ նպաստելով բոլոր երկիրներու տնտեսական աճին, տարանցիկ առեւտրային ուղիներու բազմազանեցման ու Ռուսաստանէն կախուածութեան նուազեցման: Ան ԱՄՆ-ին կոչ ըրաւ ջանքեր գործադրելու Հայաստանի ու իր հարեւաններուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ տեխնիկական աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին ու նպաստելու ԵՄ եւ այլ գործընկերներու եւ Հայաստանի միջեւ երկարաժամկէտ, համապարփակ անվտանգային եւ պաշտպանական գործընկերութեան հաստատման:
«Թէեւ այդ պիտի ըլլայ քաղաքականապէս ցաւոտ, եւ Մոսկուան կրնայ փորձել սապոթաժի ենթարկել զայն, բայց Երեւանի եւ Անքարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը օգուտ պիտի բերէ բոլոր երեք երկիրներուն: Եթէ նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան կարենան տեսլական եւ խիզախութիւն դրսեւորել, ապա Հայաստանն ու Թուրքիան կրնան կարգաւորել յարաբերութիւնները եւ նոյնիսկ կրնան նպաստել վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրին: Բացի անվտանգութեան միաւորներէն, Հայաստանը պիտի կարենայ բազմազանեցնել իր տնտեսական յարաբերութիւնները եւ նուազեցնել իր կախուածութիւնը Ռուսաստանէն»,- նշած է Տէն Պայըրը:
Իր հերթին, լսումներու մէկ այլ բանախօս, անվտանգութեան հարցերով վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեան կ’ընդգծէ, որ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը կրնայ նուազեցնել «լայնածաւալ պատերազմի ու մարդասիարական նոր աղէտի» հաւանականութիւնը տարածաշրջանին մէջ, նպաստել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորաման ու տարածաշրջանի համար նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման:
Վերլուծաբանը առանձնացուց նաեւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած աւելի քան հարիւր հազար հայերու աջակցութեան խնդիրը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը յանձնառութիւն ստանձնած է օժանդակելու անոնց, սակայն առկայ է վերջիններուս տուներով եւ աշխատանքով ապահովելու լուրջ մարտահրաւէր:
«Այս փախստականները կարիք ունեն բովանդակալից աշխատանքի եւ իրենց նոր համայնքներուն մէջ լիարժէք համարկման հնարաւորութեան: Եւ Միացեալ Նահանգները այստեղ դերակատարում ունի՝ տրամադրելով ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւն, այլեւ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ լայնածաւալ տեղահանումները արդիւնաւէտ կառավարելու փորձառութիւն»,- իր խօսքին մէջ նշած է Վարդանեանը:
Լսումներու երրորդ բանախօս, Երեւանի մէջ գործող Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան տարածաշրջանային կեդրոնի նախագահ Տիգրան Գրիգորեանը իր հերթին կը շեշտէ՝ այսօր Հայաստանի՝ տնտեսական եւ ուժանիւթային կախուածութիւնը Ռուսաստանէն մեծ է, եւ այս թեման մշտապէս կը քննարկուի Հայաստանի ու արեւմտեան գործընկերներուն միջեւ:
«Կարեւոր է գիտակցիլ, որ Ռուսաստանը այս պահուն բաւականին թոյլ է, եւ ատիկա Հայաստանի նման երկիրներուն հնարաւորութիւն կու տայ դիմելու համարձակ արտաքին քաղաքական քայլերու: Այդ կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու հնարաւորութիւնը այս պահին այնքան ալ մեծ չէ։ Այդ իսկ պատճառով Հայաստանը կրցած է որոշ համարձակ քայլեր ձեռնարկել, օրինակ՝ հեռացնել ռուս սահմանապահները օդակայանէն կամ հայ-ատրպէյճանական սահմանէն»,- կը պնդէ Գրիգորեան:
Իր հերթին, Տէն Պայըր կը յիշեցնէ. նախապէս Հայաստանի բնակչութեան շուրջ 90 տոկոսը կը վստահէր Ռուսաստանին որպէս դաշնակից: Այսօր այդ թիւը իջած է մինչեւ 30 տոկոս։ Անոր հիմքին է Մոսկուայի վարած քաղաքականութիւնը իր անվտանգային դաշնակիցին՝ Հայաստանի հանդէպ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձախողած խաղաղապահ առաքելութիւնը:
Այսպիսով, տեղի ունեցած լսումներուն նպատակն էր ուրուագծել ուղիներ, թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգները եւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսը կրնան աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման օրակարգին, ապահովել երկրին ինքնիշխանութիւնը, օգնել կարգաւորել յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ նուազեցնել Հայաստանի՝ քաղաքական, անվտանգային ու տնտեսական կախուածութիւնը Ռուսաստանէն:
Ամերիկայի Ձայն