ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործառոյթի շրջանակին մէջ, 2024 թուականի Սեպտեմբեր 9-ին կնքած է հաշտութեան համաձայնութիւն, որով ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Ալիկ Միրզաբեկեանը եւ անոր փոխկապակցուած անձեր պարտաւորուած են յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցել 200 միլիոն դրամ (շուրջ 500 հազար ԱՄՆ տոլար):
2024 թուականի Օգոստոս 30-ին շահագրգիռ անձերու կողմէ ներկայացուած է վարոյթը հաշտութեան համաձայնութեամբ աւարտելու վերաբերեալ դիմում:
2024 թուականի Սեպտեմբեր 9-ին կնքուած է հաշտութեան համաձայնութիւն, որով պատասխանողները պարտաւորուած են յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցել 200 միլիոն դրամ, ինչ որ կը կազմէ հայցագինին 79 տոկոսը:
2024 թուականի Սեպտեմբեր 11-ին ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան եւ պատասխանողներուն միջեւ կնքուած հաշտութեան համաձայնութիւնը ներկայացուած է Հակափտածութեան դատարան՝ հաստատման (Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով՝ նշուած հաշտութեան համաձայնութիւնը դատարանին կողմէ ենթակայ է հաստատման մէկամսեայ ժամկէտի մէջ)։