Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն БРИКС եւ БРИКС+ երկիրներու անվտանգութեան հարցերով պատասխանատու բարձր ներկայացուցիչներու հանդիպման շրջանակին մէջ երկկողմ աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Բարձրագոյն Խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ:
Ըստ Mehr-ի՝ Շոյկուն ըսած է, որ իր երկիրը հաւատարիմ է «Զանգեզուրի միջանցքի» վերաբերեալ Իրանի հետ նախկին պայմանաւորուածութիւններուն։
«Ռուսաստանը հաւատարիմ է Զանգեզուրի վերաբերեալ Թեհրանի հետ նախկին պայմանաւորուածութիւններուն, եւ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը այս հարցով չէ փոխուած»,- ըսած է Շոյկուն։
Աւելի վաղ, իրանեան լրատուամիջոցները, այդ շարքին՝ «Թասնիմ» գործակալութիւնը, որ մօտ է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններուն, յայտնած էին՝ Թեհրանը դժգոհ է, որ Ռուսաստանը աշխուժօրէն կ’աջակցի, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին: Գործակալութիւնը յայտնած է, որ Իրանը, որ նախապէս դէմ էր նախագիծին, «դիւանագիտական քայլեր ձեռնարկած է ռուսական կողմին համապատասխան ուղերձ փոխանցելու համար»։