Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Արձագանգած Է Հայաստանի՝ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Արդէն Իսկ Համաձայնեցուած Դրոյթներով Ստորագրելու Առաջարկին

Պաքուն Արձագանգած Է Հայաստանի՝ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Արդէն Իսկ Համաձայնեցուած Դրոյթներով Ստորագրելու Առաջարկին

by MassisPost

Հայկական կողմը հերթական անգամ կը փորձէ հասարակութեան կարծիքը շեղել իրական իրավիճակէն։

Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն, արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Խաղաղութեան պայմանագրի եւ հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն։

«Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած մեկնաբանութիւններուն համարժէք պատասխան տալու փոխարէն հայկական կողմը փորձած է անտեսել խնդիրները՝ հանելով այն դրոյթները, որոնք պէտք է արտացոլուէին նախագիծին մէջ։

«Թէեւ նախագիծի շատ դրոյթներ, այսինքն՝ մօտաւորապէս 80%-ը արդէն համաձայնեցուած է, որոշ դրոյթներ դեռ կը մնան։ Սակայն այդ չի նշանակեր, որ համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի նախագիծէն չհամապատասխանող դրոյթները բացառելով, ինչպէս կ’առաջարկէ հայկական կողմը։

«Որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը ըլլայ կայուն եւ յաջող, նախագիծին մէջ պէտք է պարզաբանուին շարք մը ուղղութիւններով երկու երկիրներուն միջեւ եղած խնդրայարոյց հարցերը»,- ըսած է ԱԳՆ ներկայացուցիչը։

Յիշեցնենք՝ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, որ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ տեխնիկապէս կայ 16 յօդուած, որմէ 13-ը ամբողջապէս համաձայնեցուած է, 3-ը՝ մասնակի:

«Այլ բան է, որ երբեմն ատրպէյճանական կողմն այլ նախապայմաններ է փորձում ներառել ընդհանուր բանակցային գործընթացում։ Մեր մօտեցումն այն է, որ մենք օր առաջ կարող ենք արդէն համաձայնեցուած բնագիրը ստորագրել»,- ըսած է Միրզոյեան՝ մանրամասնելով, որ այս պահին տեխնիկապէս կայ 16 յօդուած, որմէ 13-ը ամբողջապէս համաձայնեցուած է, 3-ը՝ մասնակի համաձայնեցուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment