Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ատրպէյճանին Կ’առաջարկէ 16 Յօդուածով Խաղաղութեան Պայմանագիր. Փաշինեան

Հայաստանը Ատրպէյճանին Կ’առաջարկէ 16 Յօդուածով Խաղաղութեան Պայմանագիր. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը Ատրպէյճանին կ’առաջարկէ 16 յօդուածով խաղաղութեան պայմանագիր՝ չհամաձայնեցուած յօդուածներու քննարկումը թողելով ապագային:

ՀՀ-ն Ատրպէյճանին չ’առաջարկեր 13 յօդուածով խաղաղութեան պայմանագիր, այլ կ’առաջարկէ 16 յօդուածով խաղաղութեան պայմանագիր, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ապա պարզաբանեց:

«Մենք բոլոր 16 յօդուածների համար ունենք համաձայնեցուած բովանդակութիւն, երեք յօդուածի համար այդ բովանդակութիւնն ի սկզբանէի հետ համեմատած մասամբ է համաձայնեցուած, այսինքն՝ 13 առաւել 3, այսինքն 16 յօդուածով պայմանագիր»,- նշեց Փաշինեան:

Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ տեղեկացուց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ի սկզբանէ ունեցած է 18 յօդուած, յիշեցուց՝ դուրս եկած է ապաշրջափակման յօդուածը, այժմ ալ պայմանագիրը ունի 17 յօդուած, որմէ մէկն ալ, ըստ Փաշինեանի, առհասարակ համաձայնեցուած չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment