Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Փաստացի Կ’ընդլայնէ Օրակարգը Եւրոմիութեան Հետ. Փաշինեան Ընդունած Է Սխինասի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Հայաստանը Փաստացի Կ’ընդլայնէ Օրակարգը Եւրոմիութեան Հետ. Փաշինեան Ընդունած Է Սխինասի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական կենսակերպի խթանման հարցերով յանձնակատար Մարկարիթիս Սխինասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Սխինասի այցը Հայաստան եւ նշած, որ այն պիտի նպաստէ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան օրակարգի քննարկման ու փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ սա կարեւոր պահ է Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններուն համար։

«Ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւններում նկատելի տեղաշարժեր են արձանագրւում. մեկնարկում են վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւնները, Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամով Հայաստանի Հանրապետությեանն աջակցելու որոշում կայացուեց, ինչը մենք բարձր ենք գնահատում»,- ըսած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանը փաստացի կ’ընդլայնէ օրակարգը Եւրոմիութեան հետ։ Վարչապետը յաւելած է, որ յատկապէս նախորդ տարի Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ իր ունեցած ելոյթէն յետոյ մեր Հայաստանի մէջ կ’ընթանան քննարկումներ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու գործընթաց սկսելու հնարաւորութեան վերաբերեալ:

«Սա պարզ հարց չէ, բայց դարձել է հայաստանեան քաղաքական օրակարգի մաս, ուստի անհրաժեշտ է այս թեմային մօտենալ մանրամասնօրէն եւ համակողմանի։ Այստեղ կարեւոր կը լինի լսել նաեւ ԵՄ մեր գործընկերների դիտարկումները եւ խորհուրդները»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:

Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման առումով: Վարչապետը կարեւորած է նաեւ ԵՄ-ի հետ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ հաստատութենական բարեփոխումները աւելի արդիւնաւէտ յառաջ մղելու գործով:

Մարկարիթիս Սխինասը շեշտած է Եւրոպական Միութեան շահագրգռուածութիւնը՝ զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, նպաստելու ՀՀ-ի մէջ բարեփոխումներու յառաջմղման: Միաժամանակ, Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահը Վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան շուրջ ՀՀ կառավարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան յոյս յայտնած է:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ այս տարուայ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետին, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահին եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարին բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային նշանակութեան այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment